2016-12-01 08:30:00

2016-ի Դեկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2016-ի դեկտեմբեր ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի աշխարհի ամէն շրջաններէն վերացուի մանուկ-զինուորներու թշուառ իրողութիւնը''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Եւրոպացի ժողովուրդները վերագտնեն Աւետարանի գեղեցկութիւնը, բարութիւնն ու ճշմարտութիւնը որ կեանքի  ուրախութիւն եւ յոյս կը պարգեւէ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.