2016-11-30 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Aids հիւանդութեան դէմ համաշխարհային օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 30 նոյեմբերին՝ առաւօտեան, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կոչ ուղղեց , հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին նշուելիք Aids հիւանդութեան դէմ համաշխարհային օրուան առիթով։

՝՝Վաղը մէկ դեկտեմբերին, կը նշուի Միացեալ Ազգերու կողմէ հաստատուած Aids  - Սիտա հիւանութեան դէմ  համաշխարհային օրը։ Միլիոնաւոր անձեր կ՝ապրին վարակուած այդ հիւանդութենէն, ասոնցմէ միակ կէսը հնարաաւրութիւնը ունին կեանքի փրկութեան առոջապահական  բուժումին։ Բոլորը կը հրաւիրեմ աղօթելու  այս հիւանդութենէն վարակուած հիւանդներուն  եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, զարգացնելու համար զօրակցութեան հոգին, որպէսզի  աղքատները նաեւ կարենան  ստանալ  համապասասխան  բուժում։

Կոչ ուղղեմ, որպէսզի ամէնքը որդեգրեն պատասխանատու վերաբերմունք,  կանխարգիլելու համար սոյն հիւանդութեան յաւելեալ տարածումը՝՝ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.