2016-11-30 14:30:00

Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած Բարթողոմէոս Պատրիարքին


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով, սովորութիւն է,  որ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը,  այցելէ Իսթանպուլ , մասնակցելու համար Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան , Սուրբ Անդրէասի ի պատիւ,  կազմակերպած  տօնակատարութիւններուն, որ է Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը ։ Մինչ՝ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մը  փոխ այցելութիւնը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ, 29 յունիսին` Հռոմի մէջ նշուելիք  Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն տօնին։ Սոյն աւանդական պատուիրակութիւններուն փոխադարձ այցելութիւններուն ծիրէն ներս, 30 նոյեմբերին, Սուրբ Անդրէասին տօնին առիթով,  Իսթանպուլի մէջ նշուող  Տիեզերական Պատրիարքութեան տօնախմբութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ  Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան  խորհուրդի նախագահ՝  Կարդինալ  Քիւրտ Քոխի, որ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոսին փոխանցեց  Ֆրանչիսկոս Պապի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը,  որուն մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը  ու լաւագոյն մաղթանքները յայտնած է իր սիրելի եղբօր ի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ Սուրբ Սիւնհոդոսի անդամներուն, կղերին,  բովանդակ հաւատացեալներուն, որոնք միացած են յիշատակելու համար Սուրբ Անդրէասի տօնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան  այցելութիւնը համարած է նաեւ որպէս  ուրախալի պատասխան, Հռոմի մէջ նշուելիք Սուրբ Պետրոս Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան  մասնակցութեան, որոնք  շօշափելի նշան են երկու եկեղեցիները իրարու զօդող խորին կապերուն, ինչպէս նաեւ արտայայտութիւն  միացեալ բաղձանքին, խոր հաղորդութեան, մինչեւ այն օր , երբ  եթէ Աստուած կամենայ. պիտի  կարենան միասնաբար վկայել իրարու հանդէպ ունեցած սէրը, ու բաժնեկցել միեւնոյն Սուրբ Պատարագի զոհը, զօրակցութեամբ եւ բարեխօսութեամբ ոչ միայն երկու եկեղեցիներու պաշտպան սուրբերուն այլեւ ամէն տարիքի մարտիրոսներուն, որոնք բաժանումի ողբերգութեան հանդերձ, կառչած մնացին Քրիստոսի եւ Հօր` մինչեւ արեան հեղում։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  յայտնած է ,  թէ Կաթողիկէներուն համար  մեծ քաջալերանքի ակնաղբիւր է ,  անցեալ  յունիսին, Քրեթայի մէջ գումարուած   մեծ սիւնհոդոսին կողմէ   ձեռք բերուած քրիստոնեաներուն միութեան վերահաստատման   յանձնարարութիւնը, գնահատելով Բարթողոմէոս Պատրիարքին անխոնջ աշխատանքները ի նպաստ հանդիպումի եւ երկխօսութեան ձեռնարկներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա  նշած է , թէ քրիստոնեաներուն միջեւ յարաբերութիւններու պատմութիւնը, յատկանշուած է դժբախտաբար հակամարտութիւններով , որոնք հաւատացեալներուն յիշողութեան  մէջ թողած են մեծ տպաւորութիւն։։ Լոկ աղօթքն է , որ  միացեալ բարի աշխատանքով եւ երկխօսութեան միջոցաւ կարող է նպաստել գերազանցնելու բաժանումի հարցերը  եւ մէկը միւսին մօտենալու – գրած է Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ օրինակ բերելով  վերջին տասնեակ տարիներուն ,  շնորհիւ երկխօսութեան յառաջխաղացումին կաթողիկէներու ու Օրթոտոքսներու միջեւ հաստատուած կապը, որուն միջոցաւ անոնք  սկսած են իրար զիրար ճանչնալ որպէս եղբայրներ ու քոյրերը, եւ միասնաբար քարոզած են   Աւետարանը, ծառայած են մարդկութեան, եւ խաղաղութեան գործընթացին ի սպաս, զարգացուցած են  մարդ էակի արժանապատուութիւնը ,ինչպէս նաեւ ընտանիքի անգնահատելի արժէքը, խնամք տարած են կարօտեալներուն ,ինչպէս նաեւ ստեղծագործութեան, որ է մեր հասարակաց տունը։

Ֆրանչիսկսո Պապ ակնարկած է   նաեւ  Աստուածաբանական   երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի ձեռքբերած աշխատանքներուն,  իր գնահատանքը յայտնելով  հակառակ  անթիւ բացթողումներուն։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ մեծ գորովով յիշած է  վերջերս Ասսիզի մէջ կայացած  կրօնական  ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը աշխարհի խաղաղութեան ի սպաս ապա   պատգամը աւարտած է եղբարական հարազատ հոգիի արտայայտութեամբ ապահեցնելով  ամէն օր իր աղօթքը,  վերանորպգելով խաղաղութեան ի սպաս մաղթանքները, ու իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով Տիեզերական Պատրիարքին, կղերին  եւ հաւատացեալներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.