2016-11-30 11:17:00

Յառաջիկայ 2 դեկտեմբերին սկիզբ կ՛առնեն Յիսնակացի խորհրդածութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ ուրբաթ` 2 դեկտեմբեր 2016-ին, աւանդութեան համաձայն, Վատիկանի մէջ սկիզբ կ՛առնեն Յիսնակացի խորհրդածական նիստերը զոր կը ներկայացնէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան եւ որոնք տեղի կ՛ունենան Առաքելական Պալատի Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ։

Չորս խորհրդածութիւններու կեդրոնական նիւթն է ''Խմենք` Սուրբ Հոգւոյն զգաստ արբեցումը''

Վերոյիշեալ խորհրդածութիւններու նիստերուն հրաւիրուած են մասնակցիլ կարդինալներ, արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան գրասենեակներու քարտուղարներ եւ Հռոմի Քուրիայի ու Հռոմի Թեմի բոլոր բարձրաստիճան եկեղեցականները ինչպէս նաեւ միաբանութիւններու մեծաւորներն ու կրօնական Քահանայապետական միաբանութիւններու մեծաւորները։








All the contents on this site are copyrighted ©.