2016-11-30 11:58:00

Կոչ մարդկային ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 30 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ` մարդկային ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր կոչ ուղղեց յայտնելով, թէ  յառաջիկայ 2-3 դեկտեմբերին, Ֆրանսայի եւ Արաբական միացեալ թագաւորութիւններուն նախաձեռնութեամբ,  եւ ՈՒՆԵՍՔՈՅ-ի  համագործակցութեամբ. Ապու Տապիի մէջ տեղի կ՝ունենայ  միջազգային դասախօսութիւն  մը, որ ունի որպէս նիւթ  հակամարտութեան շրջաններուն մէջ գտնուող մարդկային ժառանգութեան պահպանումը, որ դժբախտաբար ներկայիս, այժմէական ողբերգական նիւթ մըն է ։

՝՝Այն համոզմունքով ,որ մշակութային հարստութիւններուն պահպանումը էական ծաւալ է մարդ էակներու պաշտպանութեան, կը մաղթեմ,  որ սոյն ձեռնարկը նոր թափ արձանագրէ մարդու իրաւունքներու յառաջխաղացքի իրագործման՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ








All the contents on this site are copyrighted ©.