(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 30 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով ողորմութեան հոգեկան ներգործութիւններու մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց ''Աղօթել կենդանիներու ու ննջեցեալներու համար'' ներգործութեան վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այսօրուայ խորհրդածութեամբ կ՛աւարտենք ողորմութեան նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը։ Փառք տանք Տիրոջ այս բոլորին համար ու մեր սրտերուն մէջ պահպանենք զանոնք որպէս մխիթարութիւն եւ սփոփանք։
''Աղօթել կենդանիներուն ու ննջեցեալներուն համար'' ներգործութեան կարելի է աւելցնել նաեւ հոգեկան վերջին ներգործութիւնը որ է թաղել մեռեալները։ Թէեւ այս վերջինս տարօրինակ կը թուի, սակայն նկատի առնելու ենք թէ պատերազմէ յօշոտուած որոշ շրջաններու մէջ այս արարքը դժբախտ այժմէականութեան մաս կը կազմէ։
Աոյն ներգործութիւնը մեզի մտաբերել կու տայ Աւագ Ուրբաթ օրը` երբ Սուրբ Կոյսը, Յովհաննէսի ու այլ կիներու հետ միասին կանգնած էին Յիսուսի խաչին ոտքին։ Անոր մահէն ետք Յովսէփ Արեմադացին Յիսուսին նուիրեց իր գերեզմանը։ Ան անձնապէս գնաց Պիղատոսէն պահանջելու Յիսուսին դիակը։ Այդ եղաւ ողորմութեան իսկական ներգործութիւն, կատարուած մեծ յանդգնութեամբ։
Քրիստոնեաներու համար թաղումը գթութեան ներգործութիւն է, եւ է նաեւ հաւատքի ներգործութիւն։ Մենք գերեզմանին մէջ կը տեղաւորենք մեր սիրելիները Յարութեան յոյսով։ Եւ այս ծէսը յատկապէս կը նշուի Նոյեմբեր ամսոյն ընթացքին որ նուիրուած է ննջեցեալներու համար աղօթքին ։
Աղօթել ննջեցեալներուն համար ամէնէն առաջ երախտագիտութեան նշան է անոնց մեզի թողած վկայութեան ու գործած բարիքին համար։ Ապա շնորհակալութիւն է Տիրոջ` որ զանոնք մեզի պարգեւեց ինչպէս նաեւ անոնց սիրոյն ու բարեկամութեան համար։ Եկեղեցին կ՛աղօթէ ննջեցեալներուն համար յատկապէս Սուրբ Զոհի ընթացքին զանոնք յանձնելով Աստուածային ողորմութեան։ Մենք կ՛աղօթենք քրիստոնէական յոյսով որպէսի անոնք ըլլան Իրեն հետ Երկնքի մէջ, այն սպասումով որ օր մը միասնաբար պիտի գտնուինք այդ սիրոյ խորհուրդին մէջ որ տակաւին չենք կարող հասկնալ, սակայն գիտենք ու վստահ ենք թէ իրականութիւն է, որովհետեւ Յիսուսն է որ զայն խոստացաւ մեզի։
Ննջեցեալներուն համար աղօթքը սակայն մեզի պէտք չէ մոռցնէ աղօթքը` կենդանիներուն համար եւս, որոնք մեր հետ միասին ամէն օր կը դիմագրաւեն կեանքի փորձութիւնները։ Ամէնքս կենդանի ու մեռեալ կը գտնուինք հաղորդութեան մէջ, այսինքն մաս ենք այն հասարակութեան որ ընդունեց Սուրբ Մկրտութիւնը եւ որ կը սնանի Քրիստոսի Մարմինէն ու մաս կը կազէ Աստուծոյ մեծ ընտանիքին։
Կան տարբեր տեսակ աղօթելու ձեւեր։ Բոլորն ալ ընդունուած ու ուժի մէջ են եթէ իրագործուած են սրտով։ Կը մտաբերեմ մայրերն ու հայրերը որոնք կ՛օրհնեն իրենց զաւակները, հիւանդներուն համար աղօթքը, ինչպէս նաեւ գոհաբանական աղօթքը գեղեցիկ մէկ լուրի մը համար...Սուրբ Պօղոս կ՛ըսէ թէ շատ անգամ չենք գիտեր ինչպէս պատշաճ կերպով աղօթել Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար անպատում հծծիւններով։ Բանանք ուրեմն մեր սրտերը այնպէս ընելով որ Սուրբ Հոգին հասկնալով մեր ամենախոր իղձերը զանոնք բիւրեղացնէ ու իրականացնէ։ Սակայն մեզի ու մեր մերձաւորին համար հարմար է միշտ հայցել որ կատարուի Աստուծոյ կամքը, որովհետեւ Անոր կամքը վստահաբար ամենամեծ բարիքն է, բարիքը Հօր մը որ երբեք մեզ չի թողուր։
Ամբողջացնելով ողորմութեան մասին այս խորհրդածութիւնները, յանձնառու ըլլանք աղօթելու մէկը միւսին համար որպէսզի մարմնական ու հոգեկան ողորմութեան ներգործութիւնները միշտ աւելիով դառնան մեր կեանքի կերպարը - ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալները, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն մատնանշելով թէ այսօր կը նշուի Սուրբ Պետրոսի եղբօր` Ս Անդրէաս առաքեալի տօնը։ Անոր վազքը դէպի Տիրոջ գերեզման ձեզի` սիրելի երիտասարդներ, յիշեցնէ որ ձեր կեանքը ուխտագնացութիւն մըն է դէպի Հօր Աստուծոյ Տունը, անոր մարտիրոսութեան ուժը, սիրելի հիւանդներ, ձեզի թիկունք կանգնի ձեր ցաւերուն մէջ, եւ անոր Տիրոջ հետեւելու կրքոտութիւնը, ձեզ սիրելի նորապսակներ, մղէ հասկնալու սիրոյ կարեւորութիւնը ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս։
All the contents on this site are copyrighted ©. |