2016-11-30 09:54:00

4 Տարի գրաւուած մնալէ ետք «Ազգային ծերանոց»ը ապահով ձեռքերու մէջ է


Անցնող չորս տարիներուն տարբեր ահաբեկիչ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ մնալէ ետք Հալէպի «Ազգային ծերանոց»ը անցաւ Սուրիոյ բանակի անմիջական վերահսկողութեան տակ:

Նշենք, որ Հալէպի պատկան մարմիններ նախազգալով այդ շրջանին վտանգուած ըլլալը յատուկ կարգադրութիւն մը ընելով ծերանոցին մէջ ապաստանած մեծահասակ պապիկներն ու մամիկները տեղափոխած էին ապահով շրջան:

 Անցնող օրերուն տեղի ունեցած զարգացումները եւ Սուրիոյ բանակին գրանցած յաջողութիւնները կտրուկ ձեւով նոր իրավիճակ պիտի ստեղծեն Հալէպի մէջ:Միջազգային լրակոսին հիմնական թեման դարձած Հալէպ քաղաքի զարգացումները դարձած եւ ուշադրութեան առանցք, բոլոր հեղինակաւոր լրագրողներուն համար: Այս առումով տեղին է նշել, որ հիմնուլով առարկայական հանգամանքներու վրայ քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, ըստ որոնց Հալէպի մեծ յաղթանակի օրը մօտեցած է եւ թէ Սուրիոյ բանակը յառաջիկայ օրերուն իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ պիտի առնէ, ոչ մայն քաղաքի արեւելեան հատուածները, այլ ամբողջ Հալէպը:








All the contents on this site are copyrighted ©.