2016-11-29 09:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապի դեկտեմբեր - յունուար ամիսներու գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դեկտխմբեր եւ յունուար ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններուն յայտագիրը, որ սկիզբ կ՛առնէ  երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Կուատալուփէյի Տիրամօր տօնին օրը, որուն առթիւ` երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Նորին Սրբութիւնը,  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ սուրբ Պատարագի արարողուեան։

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Շաբաթ, 24 դեկտեմբերին, աւանդութեան համաձայն Սրբազան Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ ճրագալոյցի սուրբ պատարագի արարողութիւնը, իսկ՝ կիրակի  25 դեկտեմբերին, տօն Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարին  գլխաւոր պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ուղղէ հայրապետական մաղթանքն ու  ՝՝Ուրպի էդ Օրպի՝՝ Հռոմի ու համայն աշխարհին  առաքելական օրհնութիւնը։

Շաբաթ, 31 դեկտեմբերին, 2016 տարուայ վերջին օրը, յետմիջօրէին ժամը 5.00 –ին, Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ ՝՝Թէ Տէում՝՝ ժամասացութեան գոհաբանական աղօթքը,  շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ անցնող տարուան համար։

Հուսկ 2017-ի`Յունուար մէկին, նոր տարուան առաջին օրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ` ՝ Աստուածամօր տօնին ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10.00ին, կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Յիսուսի Յայտնութեան Սուրբ Տօնի առթիւ, ուրբաթ` յունուար 6-ի, առաւօտեան 10.00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ սուրբ եւ անմահ Պատարագ,  իսկ՝ 8 յունուարին, Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրը՝ ըստ լատինաց ծէսին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին,  Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն Վատիկանի ՝՝Սիկստինեան՝՝ մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին մկտրտութաեան Սուրբ խորհուրդը կը մատակարարէ կարգ մը մանուկներուն։

Դետկտեմբեր 2016 – Յունուար 2017 Քահանայապետին գլխաւորած արարողութիւններու յայտագիրը կ՛եզրափակուի Չորեքշաբթի, 24 յունուարին,  Սուրբ Պօղոսի դարձի գալու տօնին օրը,  որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ` Հռոմի Սուրբ Պօղոսի պազիլիքային մէջ  , յետմիջօրէին ժամը 5.00-ին, կը նախագահէ երեկոյեան ժամասացութեան արարողութեան  եւ սկիզբ կու տայ քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբթուան ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.