2016-11-29 09:50:00

Աստուծոյ պատգամը ապրիլ յոյսի եւ խաղաղութեան մէջ


«Բայց երբ տեսնէք Երուսաղէմը պաշարուած՝ զօրքերով, այն ատեն հասկցէք, թէ մօտ է օրն անոր։ Այն ժամանակ անոնք որ Հրէաստան են, թող խոյս տան դէպի լեռները, եւ անոնք որ քաղաքին մէջն են, թող հեռանան, անոնք, որ դաշտն են, թող քաղաք չմտնեն» (Ղուկաս 21, 20)

Տէր, շնորհէ  ինծի ապրիլ  քու պատգամդ յուսոյ եւ խաղաղութեան  սրտի մը մէջ, զոր մտահոգութիւններն ու տառապանքները հեռացուցած չեն քեզմէ։

Այս աշխարհին վախճանը պիտի ունենայ  տիեզերական ծաւալ մը  նման  տղաբերքին, որուն ամբողջ արարչութիւնը կը ձգտի  առաջին ժամանակներու անկումէն ի վեր ։ Քրիստոնէական յոյսը ոչ պիտի խախտի եւ ոչ ալ պիտի խաբուի մինչ մարդիկ վախէ պիտի մեռնին տեսնելով ուժերու սասանումը աննախընթաց սաստկութեամբ։ Այս անցքը ահռելի է. «Երկնային ուժերը պիտի խախտին»։  Կը  յիշատակուին մարդոց մեծ թշուառութիւնը,  ինչպէս նաեւ սուրով եւ թուրով կռիւները։ Հոս, աւետարանիչը, իր ժամանակակիցներուն երեւակայութիւնը հաստատելու համար, թերեւս կ’օգտագործէ 70-ին Հռոմէացիներուն կողմէ Երուսաղէմի թալանումին եւ Տաճարի քանդումին ձգած ցաւալի պատկերը։

Գրութիւնները կը խօսին «Աստուծոյ բարկութեան» մասին։ Իրականութեան մէջ, մարդկային  լեզուով՝ այս բառը կ’արտայայտէ Աստուծոյ կեցուածքը երբ մարդը իրմէ կը հեռանայ։  Osée Մարգարէն կը խօսի «բարկութեան մէջ ծանրաշարժ   եւ ողորմածութեան մէջ հարուստ Աստուծոյ մը մասին, որուն  որովայնը կը թողայ տեսնելով իր ժողովուրդը կառչած անհաւատարմութեան»։ Սակայն ան Աստուած է եւ ոչ թէ մարդ եւ «հոն ուր մեղքը շատ առատ է, շնորհքը բազմապատկուած է»,   եւ որուն «Որդին եկաւ փրկելու այն ինչ որ կորսուած էր»։

«Այն ժամանակ, պիտի տեսնենք մարդու Որդիին գալուստը ամպերու մէջէն,  մեծ ուժով եւ մեծ փառքով»։

Ուրեմն, պէտք չէ ապրինք անձկութեան մէջ։  Սուրբ Պօղոս  ասոր համոզուած է եւ զայն կը  հռչակէ Հռոմէացիներուն՝ ըսելով. Քրիստոսի վերադարձը արդարութեան եւ փառքի պահ մը պիտի ըլլայ անոնց համար որոնք արդարացուած պիտի ըլլան հաւատքով։ Աստուած, որ մեր սիրոյն ծարաւն ունի եւ որուն համբերութիւնը անսահման է, երբեք չի յոգնիր մեր դուռը բախելէ։ Ան միշտ պիտի յարգէ մեր պատասխանին ազատութիւնը, սակայն, այնպէս ինչպէս Յիսուս Խաչին վրայ,  անդադար պիտի վերադառնայ դէպի մեզի ըսելով.- Կը սիրեմ քեզ եւ քու սիրոյդ ծարաւը ունիմ։  Բաց ինծի, որովհետեւ քեզի հետ կ’ուզեմ ապրիլ յաւիտենապէս»։

Փոխանակ «Աստուծոյ բարկութեան» մասին խօսելու,  մտիկ ընենք  մեր «անգիտակցին» խորքէն եկող անոր ձայնին եւ  խոկանք անոր բարութեան շուրջ երբ մեզի կ’ըսէ. «Դռան առջեւ կեցած եմ եւ կը բախեմ։  Այն որ կը բանայ կը մտնեմ եւ միասին կ’ընթրենք, ես իր հետ եւ ինք իմ հետս»։ Տէր, երբ առանձնութիւնն ու յուսահատութիւնը կը բախեն իմ դուռս, ինծի ուժը տուր անոնց թոյլ  չտալու որ մտնեն եւ բանալու «դիմացի դուռը», այն դուռը ուրկից դուն պիտի մտնես, դո՛ւն։ Որոշում։ Պարզապէս ապրիլ  քրիստոնէական հաւատարմութիւնս՝ շահամոլութենէ, իշխանատենչութենէ եւ զօրաւոր ըլլալու ցանկութենէ կուրցած աշխարհի մը մէջ։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.