2016-11-29 10:20:00

Այրած է Թիֆլիսի Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դուռը


Նոյեմբեր 26 լոյս 27-ին, Թիֆլիսի 14-րդ դարու Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մօտ բռնկած է հրդեհ: Հրդեհին հետեւանքով այրած է եկեղեցւոյ միակ կանգուն պատին` երբեմնի կեդրոնական մուտքին դուռը: Այս մասին, ըստ Akhlatskha.net-ի կը հաղորդէ Aliq.ge կայքը։

Նոյեմբեր 27-ին եկեղեցւոյ տարածքին աշխատող աշխատակիցներուն կը հակաճառէր ու այրած դրան մօտենալ չէ ձգած կին մը, որուն հետ զրոյցի ընթացքին՝ Alia.ge-ն պարզած է, որ ան անօթեւան է, հրաժարած է եւ պարբերաբար կը հրաժարի պետութեան յատկացուցած հանրակացարանէն, քանի որ անիկա կը գտնուի քաղաքէն դուրս:

Կինը, (որ չէ ուզած ներկայանալ) կ՝ապրի փլուզուած եկեղեցւոյ մէջ: Ան խոստովանած է, որ հրդեհը, ամենայն հաւանականութեամբ, բռնկած է իր վառած կրակէն:

«Եկեղեցւոյ տարածքը մաքրած եմ, երեկոյեան կու գամ այստեղ կը գիշերեմ, ջուր կը բերեմ, ուտելիք կը պատրաստեմ: Երեկոյեան կրակ վառեցի ջուրը տաքցնելու համար, յետոյ յանկարծ աչքերս փակուեցան: Երբ արթնացայ` իրերուս մէկ մասը արդէն այրած էր»,- ըսած է կինը:

Դէպքին վերաբերեալ Aliq-ը հեռախօսազրոյց ունեցած է Վիրահայոց թեմի մամուլի խօսնակ Սուսաննա Խաչատրեանի հետ, որ նշած է. «Վիրահայոց թեմի առաջնորդը վաղ առաւօտեան մեկնած է եկեղեցի եւ անձամբ ծանօթացած իրավիճակին: Ամենայն հաւանականութեամ, հրդեհին պատճառը տարածքին ապրող անաօթեւան մարդոց անուշադիր վերաբերմունքն է: Հարցը կ՝ուսումնասիրուի»:

Խաչատրեան նաեւ պարզաբանած է, որ երկեղեցին ցանկապատուած է, սակայն անօթեւանները կրցած են անցք գտնել եւ ներս մտնել:

Aliq-ը կապ հաստատած է նաեւ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հետ, ուրկէ նշած են, որ յարուցուած է քրէական գործ Վրաստանի ՔՕ 118-րդ յօդուածին համաձայն, որ կ՝ենթադրէ գոյքի վնասում կամ անուշադրութեան պատճառով գոյքի ոչնչացում:

Յիշեցնենք, որ Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին յայտնուած է Վրաստանի յայտարարած վիճահարոյց եկեղեցիներու ցանկին մէջ: 2009 թուականէն կիսախարխուլ է, անիկա կը գտնուի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան հաշուեկշիռին տակ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.