2016-11-28 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ողորմութեան Յոբելեանի կազմակերպչական մարմնին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 28 նոյեմբեր 2016-ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրլանտայի Վարչապետ` Տիար Էնտա Քեննին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը որմէ ետք` հրաժեշտի այցելութեամբ ընդունեց Քորէայի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Ֆրանչեսքօ Քիունկ – Սուրք Քիմ ապա Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գիտութեան Քահանայապետական ակադեմիայի լիանիստ գումարին մասնակցողները ու ժամը 11,30-ին Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Ողորմութեան Յոբելեանի չորս հարիւր կազմակերպիչներն ու համագործակիցները որոնց ուղղած ճառին մէջ, իր ուրախութիւնը յայտնեց զանոնք ընկալելու արտակարգ յոբելեանի աւարտին, անոնց յայտնելու համար իր անձնական շնորհակալութիւնը Սուրբ Տարուայ ընթացքին անոնց իրագործած մեծ աշխատանքին համար։

Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային ապա նշեց թէ Տարին եղաւ խիտ ու լի ձեռնարկներով որոնց միջոցաւ կարելի եղաւ դպչիլ Աստուծոյ ողորմութեան պտուղներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Սուրբ Դռներուն որոնք բացուեցան աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ եւ որոնց միջոցաւ հաւատացեալները ձեռնարկեցին Աստուծոյ անսահման սէրը ապա հրաւէր ուղղեց որ այդ ապրումները դառնան առօրեայի նոր յանձնառում։

Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք սատարեցին Յոբելենական տարուայ կազմակերպութեան ու անոր յաջող ընթացքին­ սկսեալ Իտալիոյ ներքին գործոց նախարարէն որպէս ապահովութեան պատասխանատու, Ոստիկանապետերու ու Վատիկանեան ոստիկանութեան համագործակցութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռ Իտալական Կառավարութիւն յանձնախումբի անդամներուն ինչպէս նաեւ Զուիցերական պահակագունդին ու Վատիկանեան իշխանութիւններուն ու յատկապէս Սուրբ Պետրոսի տաճարին։

Շնորհակալութեան խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց Իտալիոյ ու յատկապէս Լացիօ Նահանգի կառոյցներն ու ապահովական մարմինները­, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական Նոր Աւետարանութեան խորհուրդը որուն յանձնուած էր յոբելենական տարւոյն կազմակերպութիւնը ու բազմաթիւ կամաւորները, որոնց աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած, իրենց առօրեայ լռելեան աշխատանքով, այնպէս ըրին որ այս արտակարգ յոբելեանը դառնայ իսկապէս շնորհքի ձեռնարկ։

''Եթէ դուն կ՛ուզես ողորմութիւն ընկալել դուն եւս դառնալու ես ողորմած'' ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը ու հաստատելով թէ բոլորը իրենց առօրեայ աշխատանքով ողորմութեան իսկական ծառայութիւն մատուցեցին միլիոնաւոր ուխտաւորներուն որոնք Հռոմ ժամանեցին ապա մաղթանք յայտնեց որ այս իրենց յոգնութիւնը հատուցուի ողորմութեան փորձառութեամբ զոր Տէրը պիտի չի պակսեցնէ անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.