2016-11-28 10:41:00

Քուպա կը սգայ Ֆիտել Քասթրոյի մահը


Քուպա կը սգայ իր յեղափոխական ղեկավար Ֆիտել Քասթրոյի մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ ուշ գիշերին:

Երկրին մէջ յայտարարուած է իննօրեայ սուգ:

Քաղաքացիները այսօրուընէ սկսեալ պիտի կարենան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել 90-ամեայ ղեկավարին, նախքան անոր դիակին փոխադրուիլը Սանթիակօ տէ Քուպա, ուրկէ ընթացք առաւ անոր յեղափոխական պայքարը:

Բայց եւ այնպէս Միացեալ Նահանգներու Միամի քաղաքին մէջ, որ քուպացի այլախոհներու, աքսորեալներու եւ անոնց ընտանիքներուն ամրոցն է, Քասթրոյի մահուան լուրը դիմաւորուեցաւ տօնախմբութիւններով:

Կարգ մը միջազգային ղեկավարներ անդրադարձան 20-րդ դարու մեծ դէմքերէն Ֆիտել Քասթրոյի մահուան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ըսաւ, որ պատմութիւնը պիտի դատէ Քասթրոյի հսկայ ազդեցութիւնը` աւելցնելով, որ իր երկիրը այս պահուն «բարեկամութեան ձեռք կ՛երկարէ քուպացի ժողովուրդին»: Սակայն Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսաւ, որ Քասթրոն «դաժան բռնապետ մըն էր, որ գրեթէ վեց տասնամեակ բռնութիւններու կ՛ենթարկէր իր սեփական ժողովուրդը»:

Ան աւելցուց, որ Քասթրոյի կառավարման օրերուն Քուպան անցած է աննկարագրելի տառապանքներէ եւ մատնուած աղքատութեան, ինչպէս նաեւ հրաժարած է մարդու հիմնարար իրաւունքներէն: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը նշեց, որ իր վարչակազմը կարելի ամէն բան պիտի ընէ Քուպայի ժողովուրդին օգնելու եւ անոր բագաւաճման նպաստելու համար:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քասթրոն նկատեց Ռուսիոյ «վստահելի եւ անկեղծ բարեկամ» մը, իսկ Չինաստանի նախագահ Քսի Եինփինկ ըսաւ, որ իր ժողովուրդը «կորսնցուց լաւ եւ իսկական կուսակցական ընկեր մը»:

Քասթրօ յեղափոխութեան ճամբով իշխանութեան հասաւ 1959-ին: Միացեալ Նահանգներ Քուպայի հետ կապերը խզեցին 1961-ին, սակայն Օպամայի իշխանութեան օրերուն յարաբերութիւնները ջերմացան եւ 2015-ին դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնուեցան:

Ֆիտել Քասթրօ ծնած է 13 օգոստոս 1926-ին, Քուպայի Օրիենթէ նահանգին մէջ:

Ան 30 դեկտեմբեր 1976-էն ի վեր 30 տարի շարունակ եղած է Քուպայի պետական խորհուրդի նախագահը, նախարարներու խորհուրդի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ Յեղափոխական զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարն ու Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդի նախագահը:

Քասթրօ 13 յուլիս 2006-ին առողջական պատճառներով իշխանութիւնը փոխանցած էր իր եղբօր` Ռաուլ Քասթրոյին:








All the contents on this site are copyrighted ©.