2016-11-28 13:06:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Իրլանտայի Վարչապետին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 28 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Իրլանտայի Վարչապետը` Տիար Էնտա Քեննին զոր  ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Մտերմիկ խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Իրլանտայի միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ու ընդգծուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ` ընկերային ու դաստիարական մարզէն ներս բերած սատարը­, ապա շեշտը դրուեցաւ քրիստոնեաներու դերին վրայ­, մասնաւորապէս ամէն անհատի արժանապատուութեան յարգանքի ու զարգացումի բնագաւառէն ներս, ու յատկապէս ամենէ տկարներուն ու անպաշտպաններուն նկատմամբ։

Զրոյցը ապա շարունակուեցաւ անդրադարձ կատարելով Եւրոպայի մասին ու յատկապէս ակնարկելով գաղթականութեան երեւոյթին­,երիտասարդներու աշխատանք ապահովեցնելու հարցին ինչպէս նաեւ ցամաքամասի դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներու մասին ըլլայ քաղաքական ըլլայ գերտեսչական գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.