2016-11-28 10:36:00

Եւրոպական Միութիւնը կը քննադատէ Պաքուն եւ կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու Մամետովը


Եւրոպական Միութիւնը 19 նոյեմբերին Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է կատարելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումն ու ազատ արձակելու ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամետովը:

«Կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանին կատարելու իր պարտաւորութիւնները` իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ ի կատար ածել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը եւ ազատել պարոն Մամետովը», կ՛ըսուի եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

18 նոյեմբերին Ազրպէյճանի Գերագոյն դատարանը մերժած էր բաւարարել «Հանրապետական այլընտրանք» շարժումի ղեկավար Իլկար Մամետովի բողոքարկումը եւ որոշած է զայն պահել բանտին մէջ:

Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ Պաքուի մերժումը անուանած է անարգանքի դրսեւորում Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.