2016-11-27 12:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ՝՝Հրեշտակ Տեառն՝՝ կիրակնօրեայ աղօթքի խորհրդածութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) 

Կիրակի, 27 նոյեմբերի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, իր գրասենեակին պատուհանէն, կիրակնօրեայ Մարեմեան «Հրեշտակ Տեառն» աւանդական աղօթքին առիթով երեւակայացուց խորհրդածութիւն մը, որուն  մէջ ըսաւ՝ «Այսօր եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ կ՛առնէ նոր ծիսական տարին, այսինքն, Աստուծոյ ժողովուրդին նոր ուղեւորութիւնը, Յիսնակաց շրջանը։

Այսօրուան աւետարանի ընթերցումը, (Մատթ 24, 37-44) մեզ կը ներմուծէ յիսնակաց շրջանի ամենէն հրապուրիչ նիւթերուն մէջ, Տիրոջ՝ մարդկութեան տուած այցելութիւնը։

Առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ մարմնացումով, Յիսուսի ծնունդը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ։ Երկրորդ այցելութիւնը տեղի կʼունենայ ներկայ ժամանակին մէջ, ուր Տէրը մեզի շարունակ կʼայցելէ։ Ան ամէն  օր մեր կողքին կը քալէ,  որ սփոփանքի ներկայութիւն մըն է։ Ի վերջոյ տեղի պիտի ունենայ վերջին այցելութիւն մը, որուն մասին ամէն օր կ՛ակնարկենք մեր դաւանած հաւատամքին մէջ. ''Ան դարձեալ փառաւորեալ կերպով պիտի գայ դատելու համար կենդանիներն ու մեռեալները''։

Տէրը,այսօր մեզի կը խօսի այն, ինչ որ պիտի կատարուի ժամանակներու լրումին, եւ մեզի կʼըսէ դէպի ուր կ՛առաջնորդէ մեր ուղեւորութիւնը։

Աստուծոյ խօսքը ի յայտ կը դնէ՝ ամէն օր բնականոն կերպով գործուած բաներու եւ Տիրոջ անակնկալ գալուստին միջեւ գոյացող հակազդեցութիւնը։

՝՝Ինչպէս Նոյի օրերուն, այնպէս ալ պիտի ըլլայ Մարդու Որդիին գալուստը. Ինչպէս այն ժամանակ ջրհեղեղէն առաջ, անոնք կʼուտէին, կը խմէին, կʼամուսնանային եւ կʼամուսնացնէին, մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ մարդիկ ոչինչ նախազգացին մինչեւ որ ջրհեղեղը եկաւ եւ ամէնքը խեղդամահ մեռան (Մատթ  24,37-39)։

Միշտ զարմանք կը պատճառէ մտածել՝ բնական մեծ աղէտները կանխող ժամերու մասին, ամէնքը կ՛ապրին իրենց սովորական առօրեան, առանց հաշուի առնելու թէ իրենց կեանքը պիտի խափանուի։

 

Աւետարանը չʼուզեր մեզ վախցնել, սակայն կʼուզէ բանալ մեր հորիզոնը աւելի հսկայ ծաւալի մը առջեւ։ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, որ մեզ կու գայ այցելելու ամէն օր, իւրաքանչիւր ժեսթի, իւրաքանչիւր իրողութեան կու տայ տարբեր լոյս մը, տարբեր խորհրդանշական իմաստ։ Այս հեռանկարէն  յառաջ կու գայ նաեւ չափաւորութեան հրաւէր մը՝ չ՛ենթարկուիլ աշխարհիկ բաներու տիրապետութեան, նիւթական իրողութիւններուն, այլ կառավարել զանոնք։ Հակառակ պարագային եթէ պայմանաւորուինք սոյն իրողութիւններէն, չենք կրնար ըմբռնել որ գոյութիւն ունի աւելի կարեւոր բան մը՝ Տիրոջ հետ վերջին հանդիումը, որ մեզի համար պիտի գայ։ Այն ժամանակ ինչպէս կ՝ըսէ Աւետարանը, ՝՝եթէ երկու հոգի դաշտը գտնուին, մէկը պիտի առնուի,միւսը պիտի ձգուի՝՝։ (Մատթ՝ 24, 40)։

Հսկելու հրաւէր մըն է, որովհետեւ չգիտնալով թէ Ան ե՛րբ պիտի գայ՝ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք մեկնելու։ Յիսնակացի ժամանակաշրջանին, կանչուածք ենք մեր սրտին հորիզոնը լայն բանալու կեանքի անակնկալներուն, որ մեզի կը ներկայանայ ամէն օր իր նորութիւններով։

Այս կատարելու համար հարկաւոր է սորվիլ, կախեալ չըլլալ մեր ապահովութիւններէն, մեր արմատացած ծրագիրներէն, որովհետեւ Տէրը կու գայ մեր չերեւակայած պահուն։ Կու գայ մեզ ներմուծելու աւելի գեղեցիկ եւ աւելի հսկայ ծաւալի մը մէջ։

Թո՛ղ Տիրամայրը մեզի օգնէ, որ մենք մեզ, մեր կեանքին սեփականատէրը չնկատենք, չդիմադրենք երբ Տէրը կու գայ մեր կեանքը փոխելու, այլ պատրաստ գտնուինք Տիրոջ, սպասեալ եւ հաճելի հիւրին այցելութեան, նոյնիսկ եթէ ամէն մեր ծրագիրները կը յեղաշրջէ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը հուսկ արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն իր աղօթքը ապահովեցնելով Կեդրոնական Ամերիկայի ժողովուրդին, յատուկէն Քոսթա Ռիքայի եւ Նիքարակուային, որ թիրախ դարձած են զօրեղ փոթորիկի աղէտին եւ այս վերջին օրերուն մեծ երկրաշարժի մը հարուածին։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովեցուց նաեւ Իտալիոյ հիւսիսային շրջանը ապրող բնակչութեան, որոնք կը տառապին զօրաւոր մրրիկի աղէտի հետեւանքով։

Սրբազան Քահանայապետը ապա բարի Կիրակի եւ յիսնակաց շրջանի  բարի ուղեւորութիւն մաղթեց բոլորին։ Թող ըլլայ յոյսի ժամանակ, իսկական յոյս մը հիմնուած Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ ու մեր պատասխանատուութեան վրայ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.