2016-11-26 08:39:00

Ֆրանսայի մէջ յարձակում Ափրիկէի մէջ ծառայող միսիոնարներու հանգստեան տունի մը վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանսայի Մոնբելիէ քաղաքին մօտ, յարձակում կատարուած է Ափրիկէի մէջ ծառայող միսիոնարներու հանգստեան տունի մը վրայ, որուն հետեւանքով մահացած է 54-ամեայ կին մը։ Յարձակում գործողը, զինուած է հրացանով եւ դաշիւնով։

Հանգստեան տան մէջ կʼապրին 60 անհատներ։ Ափրիկեան առաքելութիւններու Ընկերութիւնը կը տնտեսէ տունը, եւ բնակիչներու մեծ մասը սոյն ընկերութեան անդամներ են. սակայն այնտեղ կը մնան նաեւ «Առաքեալներու Աստուածածին» Միաբանութեան մայրապետներ եւ քանի մը աշխարհական կիներ։

Ըստ Մոնբելիէյի դատախազին, յարձակումը առընչուած չէ իսլամական ահաբեկչական շարժումի հետ, այլ տեղացի անհատի մը արարքն է։

Ափրիկեան Առաքելութիւններու Ընկերութեան տեղական առաջնորդը, Հ. Ֆրանսուա տիւ Փենուա, ըսած է՝ «Մեզի, քրիստոնեաներուս համար, երբ այսպիսի անբացատրելի արարքի մը դիմաց կը գտնուինք, կը մնայ միայն աղօթել»։

Հ. Օլիւիէ Ռիպատօ Տիւմա, Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական Ժողովի ընդհանուր քարտուղարը, թուիթերեան պատգամին մէջ կը գրէ՝ «Մեր աղօթքները կը հասնին նաեւ այն միսիոնարներուն, որոնք յարձակումի ենթարկուած են իրենց հանգստեան տունին մէջ։ Թող Աստուած Իր խաղաղութիւնը տայ բոլորին»։

Անցեալ տարուան նոյեմբերին, Փարիզի մէջ, Իսլամական Պետութեան կողմէ կատարուած ահաբեկչութեան զոհ գացած են 130 անհատներ։ Այդ ժամանակէն ի վեր Ֆրանսայի մէջ կը տիրէ արտակարգ դրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.