(Ռատիօ Վատիկան) Քուպայի նախկին նախագահ՝ Ֆիտել Քասթրոյի մահուան ի լուր , շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր յղեց հանգուցեալին եղբօր, Քուպայի հանրապետութեան նախագահ՝ Ռաուլ Քասթրոյին , որուն մէջ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Քուպայի սիրելի ժողովուրդին եւ ննջեցեալին ընտանեկան պարագաներուն։
Սրբազան Հայրը ապահովեցնելով իր աղօթքը նախագահին հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար, Քուպայի համայն ժողովուրդը յանձնեց երկրի պաշտպան սրբուհի` Քոպրէյի սիրոյ Տիրամօր բարեխօսութեան։
All the contents on this site are copyrighted ©. |