2016-11-25 09:17:00

''Պէտք է հաւատալ՝ թէ բարին աւելի հզօր է քան չարը'' Ֆրանչիսկոս Պապ.


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման նուիրուած 6րդ փառատօնի առիթով, որ տեղի կ’ունենայ տարւոյս 24-27 նոյեմբերին, Վերոնայի մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց հանդիսութեան մասնակցողներուն։

Այս տարուան փառատօնի նիւթն է՝ “Ժողովուրդին մէջ”։

Սրբազան Պապը շատ դիպուկ նկատեց այս նիւթը, որովհետեւ ան կը շեշտէ այն իրականութիւնը՝ թէ մարդ արարածը չէ եղած առանձնութեան եւ կղզիացումի համար։ Կղզիացումը կը յառաջացնէ վախ, կը շեշտաւորէ տարբերութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ վայելելու եղբայրութիւնը։

Մարդոց մէջ ըլլալ, չի նշանակեր ըլլալ սոսկ բաց եւ մերձենալ ուրիշներուն, այլ նաեւ թոյլ տալ, որ ուրիշները մերձենան մեզի։ Մե՛նք ենք, որ կարիքն ունինք արժանանալու նայուածքի, կանչի, հպումի, խորհուրդ հարցնելու, մենք ենք որ պէտք ունինք ուրիշներուն՝ կարենալ մասնակից դառնալու այն ամէն բանի, որ ուրիշներ կրնան մեզի տալ։ Յարաբերութիւնը կը պահանջէ այս փոխանակումը անհատներու միջեւ։

Փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ մեր տուածէն աւելին կը ստանանք ուրիշներէն։ Տպաւորիչ է այն պարագան, թէ ինչպէս անհատներ արժանապատուութեամբ կ’ապրին տնտեսական սահմանափակումները, ցաւը, ծանր աշխատանքը, փորձութիւնը։

Հանդիպելով այս անհատներուն՝ ձեռքով կը շօշափես անոնց մեծութիւնը եւ կը ստանաս լոյս մը, որուն միջոցաւ կը յստակուի, թէ կարելի է մշակել յոյս մը ապագայի համար։ Պէտք է հաւատալ՝ թէ բարին աւելի հզօր է քան չարը։

Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակով մը բացատրեց, թէ առանց երկար խօսքերու, փորձառութեամբ կարելի է հասկնալ  թէ ի´նչն է արժէքաւոր կեանքի մէջ, եւ ի´նչը ոչ։

Ըլլալ ժողովուրդի մէջ, կը նշանակէ նաեւ ուշադիր ըլլալ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի ժողովուրդի մը։ Գործնական կեանքը կարելի կը դառնայ, որովհետեւ անհատներու հաւաքականութիւնը չէ, այլ բազմաթիւ անհատներու միասնութեան արտայայտութիւնն է, որոնք կը ձգտին հասարակաց բարիքի կազմաւորումին։ Միասին ըլլալու պարագան մեզի կ’օգնէ, տեսնել հաւաքականութիւնը։ Երբ կը տեսնենք միասնական հաւաքականութիւնը, մեր հայեացքը կը հարստանայ եւ ակնյայտնի կը դառնայ, թէ այն դերը, որ իւրաքանչիւրը ունի ընկերային ուժականութեան մէջ, չէ կարելի երբեք կղզիացնել կամ բացարձակութեան հանգամանք տալ անոր։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց, թէ երբ ժողովուրդի եւ ղեկավարներու միջեւ բաժանում կը ստեղծուի, եւ կամ երբ ղեկավարները բռնի ուժով կը հաստատուին առանց ժողովուրդի մասնակցութեան, եւ կամ երբ ղեկավարը աւելի կարեւոր է քան ժողովուրդը եւ երբ որոշումները կʼառնուին սակաւ անձերու կողմէ, այն ժամանակ վտանգի կʼենթարկուի ընկերային ներդաշնակութիւնը՝ իր հետ բերելով ծանր հետեւանքներ ժողովուրդին համար, ուր կʼաճի աղքատութիւնը, խաղաղութիւնը սպառնալիքի տակ կը դրուի, կʼիշխէ դրամը, եւ ժողովուրդի վիճակը վատթար կʼընթանայ։ Արդ, ըլլալ ժողովուրդին մէջ՝ ոչ միայն առանձին անհատներու համար լաւ է, այլ բարիք մըն է բոլորին համար։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ ցեղերու, գոյներու, մշակոյթներու եւ կրօններու գոյութեան, ուր կարելի է սակայն շօշափելի կերպով ապրիլ բազմազանութիւնը։ Ժողովուրդի խնդիրները լուծելու համար պէտք է սկսիլ վարէն, պէտք է աղտոտել ձեռքերը, պէտք է քաջութիւն ունենալ, պէտք է լսել ամենէն յետիններուն։ Ասոր համար իբր օրինակ կրնանք առնել Աստուածամայրը։ Ան աղախին է, խոնարհ, ողորմած, մեզի կʼընկերանայ, երբեք կենդրոնի վրայ չէ, սակայն մնայուն ներկայութիւն է։ Եթէ նայինք Անոր, պիտի գտնենք լաւագոյն կերպը՝ ըլլալու ժողովուրդին հետ։ Նայելով Անոր, կրնանք ընթանալ մարդկային բոլոր արահետներէն՝ առանց վախի եւ նախապաշարումի. Անոր հետ կարողութիւնը կը իւրացնենք՝ ոչ ոք մերժելու։ Այս խօսքերով, Սրբազան Պապը կատարեց իր բարեմաղթութիւնը, եւ խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Վերոնայի եպիսկոպոսին եւ ձեռնարկի բոլոր կազմակերպիչներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.