2016-11-25 10:30:00

ՀՀ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:


Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ելոյթ ունեցած է ֆրանսախօս երկիրներու նախարարական համաժողովին: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախարար Նալպանտեան մասնաւորապէս նշած է.

«Տիկին գլխաւոր քարտուղար,

Տիկին նախագահ,

Յարգելի գործընկերներ,

շատ հաճելի է նախորդ տարուան երեւանեան հանդիպումէն ետք՝ այսօր, ձեզ տեսնել այստեղ` Անտանանարիվուի, նախարարական համաժողովին համար այնքան արժանի վայրի մը մէջ: Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահին եւ Մատակասաքարի իշխանութիւններուն` մեզ ցուցաբերած ջերմագոյն ընդունելութեան համար: Ես մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրեցի տիկին գլխաւոր քարտուղարի կողմէն ներկայացուած զեկոյցը: Անտանանարիվուի հռչակագիրին նախագիծը, որ պիտի ներկայացուի մեր պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն ուշադրութեան, յստակ կերպով կը մատնանշէ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ կ՝ուրուագծէ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին ֆրանսախօս երկիրներու կողմէն իրականացուելիք գործողութիւններու բաւական յաւակնոտ ճանապարհ մը: Կազմակերպութեան քաղաքական օրակարգի ուշադրութեան կեդրոնին պէտք է ըլլան մեր հասարակութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս` ճգնաժամերու կարգաւորումը, զարգացման անհաւասարութիւններու յաղթահարումը, անհանդուրժողականութեան երեւոյթներու կանխարգելումը, կլիմայական փոփոխութիւններու բացասական հետեւանքներու դէմ պայքարը: Այս առումով՝ հարկաւոր է հետամուտ ըլլալ, որպէսզի առաջարկուող լուծումները յենուին մեր հիմնարար արժէքներու համակարգին վրայ` ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, համերաշխութեան եւ բազմազանութեան: Առկայ մարտահրաւէրներն ու ճգնաժամերը առաջնային կը դարձնեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը յարգելու հրամայականը:

Հանդուրժողականութեան ու երկխօսութեան մշակոյթը մշտապէս խթանման կարիք ունին: Այս ծիրէն ներս՝ բարձր կը գնահատենք ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարի նպատակասլաց ջանքերը, որոնք ուղղուած են ֆրանսախօս երկիրներու արժէքները առաջ մղելուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային տարբեր գործընկերներու հետ համագործակցաբար` ճգնաժամերու եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման նպաստելուն: Ֆրանսախօս երկիրներու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար պայքարը պէտք է շարունակէ մնալ մեր կազմակերպութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն: Ասիկա նաեւ այն է, ինչին Հայաստանը կը ձգտի Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Ինչպէս գիտէք, 2016 թուականի Ապրիլի սկիզբը՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը յանգեցուց բազմաթիւ զոհերու եւ խաթարեց Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ ընթացող բանակցային գործընթացը:

Մենք շնորհակալ ենք ֆրանսախօս երկիրներու գլխաւոր քարտուղարին` բոլոր կողմերուն ուղղուած` 1994-ին կնքուած զինադադարը յարգելուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ յարատեւ լուծման վերաբերեալ կոչերուն համար` ի յաւելումն Գինշասայի եւ Տաքարի գագաթաժողովներուն Ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն կողմէ՝ այս հիմնախնդիրին վերաբերեալ ընդունուած յայտարարարութիւններուն: Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման` հիմնուած Միսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ իբրեւ անբաժանելի միասնութիւն առաջարկուած սկզբունքներուն վրայ, յատկապէս անոնց, որոնք կ՝առնչուին ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին` իբրեւ այս հակամարտութեան հաւասարակշռուած եւ յարատեւ հանգուցալուծման հիմք:

Մեր հասարակութիւններուն առջեւ ծառացած սպառնալիքներուն մէջ չենք կրնար չյիշել ահաբեկչութեան չարիքը, որ կը սպառնայ մեր անդամ երկիրներու մէկ մասին: Ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքը պէտք է զօրաշարժի մէջ մնայ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարին մէջ: Տիկին գլխաւոր քարտուղար, շնորհակալ ենք այս ուղղութեամբ Ձեր կողմէն նախաձեռնած լուրջ քայլերուն համար: Կ՝արժեւորենք Ձեր գործունէութիւնը` ուղղուած երիտասարդութեան Ֆրանսախօս երկիրներու մարդասիրական գաղափարներուն շուրջ համախմբելուն եւ մեր կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ անոնց առաւել ներգրաւման: Այս առիթով կ՝ուզեմ գոհունակութեամբ նշել, որ 2015 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած նախարարական համաժողովը հանդիսացաւ նմանօրինակ նախաձեռնութեան մը հիմքը` ընդունելով բանաձեւ` Ֆրանսախօս երկիրներու հաստատութիւններու գործունէութեան երիտասարդութեան մասնակցութեան մասին:

Տիկին գլխաւոր քարտուղար,

Տիկին նախագահ,

Յարգելի գործընկերներ,

եզրափակելով խօսքս` կ՝ուզեմ վերահաստատել Հայաստանի յանձառութիւնը` շարունակելու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ` համագործակցութեան եւ երկխօսութեան այս տարածքին մէջ, որուն հիմքը Ֆրանսախօս երկիրներու հարստութիւնը հանդիսացող բազմազանութիւնը եւ համերաշխութիւնն են:

Շնորհակալութիւն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.