2016-11-25 09:26:00

Կուատալուփէյի Աստուածածնի ի պատիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ, Ամերիկայի եւ Ֆիլիփփինի պաշտպան՝ Կուատալուփէյի Տիրամօր ի պատիւ։

Սուրբ Պատարագէն առաջ, ժամը 5։15ին պիտի կատարուի վարդարանի աղօթքը, որուն պիտի յաջորդէ՝ Աստուածածնի նուիրուած երկիրներու դրօշներուն աւանդական մուտքը մայր տաճարէն ներս։

Նախատեսուած է բազմաթիւ հաւատացեալներու, յատկապէս Հռոմի լատին ամերիկեան եւ ֆիլիփփին համայնքներու անդամներու մասնակցութիւնը։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ, Վատիկանի վարչական կազմի անդամներ եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներ։

Սուրբ Պատարագին պիտի ընկերանայ ծիսական հին երգերու կատարողութիւն, ամերիկայի բնիկներու լեզուով, որոնց կարգին Կուատալուփէի Աստուածածնի նուիրուած շարական մը, «Նիքան Մոփոհուա» պատումի «նահուաթլ» լեզուով։

Շարականը կը պատմէ ամերիկայի բնիկ Սուրբ Խուան Տիեկոյի ունեցած Աստուածածնի տեսիլքներու մասին։ Պիտի երգուին նաեւ այլ շարականներ «քուէչուա», «մափուչէ» եւ «կուարանի» լեզուներով։ Պատարագի ընթացքին, Սիքսթինեան Մատրան պաշտօնական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Էտուարտօ Նոթրիչայի, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լատինամերիկեան Երգչախումբի կողքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.