2016-11-24 13:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 24 նոյեմբերի քարոզը։ ՝՝Կաշառակերութիւնը հայհոյանք է Աստուծոյ դէմ՝՝։ “


(Ռատիօ Վատիկան) Կաշառակերութիւնը Աստուծոյ դէմ ուղղուած հայհոյանքի ձեւ մըն է, Բաբելոնի լեզուն է, որուն համար “չկայ Աստուած” այլ միայն “դրամի, բարեկեցութեան եւ շահավաճառութեան աստուածութիւնները”։ Այս խօսքերով, Ֆրանչիսկոս Պապ տուաւ Սուրբ Աւետարանի պատգամը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած առաւօտեան Սուրբ Պատարգաի ընթացքին։

“Բաբելոնը, մեծ քաղաքը, որ ժողովուրդի սրտին մէջ կաշառակերութիւն կը սերմանէր, ինկաւ։ Կաշառակերութիւնը եւ շահավաճառութիւնը մեզ բոլորս կը տանին կործանումի այդ ճանապարհին, ըսաւ Սրբազան Պապը եւ շեշտեց, որ այս ընկերութիւնը պիտի իյնայ։ Մինչ հրեշտակին վերջին կանչը, որ կը յիշուի ընթերցուածին մէջ, յաղթանակի կանչ մը պիտի ըլլայ։ Ունայնութեան եւ ամբարտաւանութեան իշխանութիւնը պիտի իյնայ, ինչպէս ինկաւ սատանան”։

Օրուան ընթերցուածը, առնուած Յովհաննու Յայտնութենէն (ԺԸ. 1- ԺԹ. 9), կը խօսի Բաբելոնի անկումի եւ անկումին յաջորդող յաղթութեան երգերու մասին։

Վերջին հանգրուանին կը հնչէ երրորդ հրեշտակին ձայնը, որ կ’ըսէ “Գրէ´. երանի անոնց որ հրաւիրուած են Գառնուկին հարսանիքին։ եւ աւելցուց ’Ճշմարիտ են Ատուծոյ խօսքերը’։” Աստուծոյ ձայնը կը խօսի մեր սրտերուն մեղմ, սկայն հնչեղ կերպով, ըսաւ սրբազան Պապը, եւ աւելցուց, թէ “Գառնուկի հարսանիքին հրաւէրը” պիտի ըլլայ վերջաւորութիւնը, “պիտի ըլլայ մեր փիրկութիւնը”։ Անոնք, որոնք կը մասնակցին խնճոյքին, Յիսուսի պատմած առակին համաձայն, անոնք են, որոնք ճանապարհի խաչմերուկին կը գտնուէին՝ բարիներ եւ չարեր, կոյրեր, խուլեր, կաղեր, մենք բոլոր մեղաւորներս. սակայն այն խոնարհութեամբ, որ կը գոչէ՝ “մեղաւոր մըն եմ, Աստուած զիս պիտի փրկէ”։ Եթէ մեր սրտին մէջ ունինք այս կեցուածքը, այն ժամանակ Աստուած մեզ պիտի հրաւիրէ իր մեղմ ձայնով։

Օրուան Ղուկասի Աւետարանէն առնուած ընթերցումը (Ղուկ ԻԱ. 20-28) կ’աւարտի հետեւեալ խօսքերով՝ “Երբ սկսին այս դէպքերը, կանգնեցէք եւ բարձրացուցէք ձեր գլուխը, որովհետեւ մօտ է ձեր փրկութիւնը”։

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց իր քարոզը, ըսելով՝ “Թող Տէրը մեզի տայ Իր ձայնին սպասելու շնորհքը, պատրաստուելու՝ լսելու այդ ձայնը, որ կ’ըսէ՝ ’Եկուր հաւատարիմ ծառայ, մեղաւոր սակայն հաւատարիմ, եկուր Տիրոջ խնճոյքին’ ”։








All the contents on this site are copyrighted ©.