2016-11-24 09:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վիեթնամի ընկերվարական հանրապետութեան նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան ) Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Վիեթնամի ընկերվարական հանրապետութեան նախագահ՝ տիար Տրան Տայ Քուանկը։ Նախագահը ապա հանդիպումը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի  հետ, որուն ընկերացած էր `Պետութիւններու  հետ յարաբերութեան քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակերը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է,  թէ սիրալիր մթնոլոտին մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած  են Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ գոյացող բարի յարաբերութիւնները, որ յատկանշուած է միասնական երկխօսութեան հոգիով եւ յարատեւ բարենպաստ միջոցներու փնտռտուքով՝  ի շահ զարգացումին ու յառաջդիմութեան։  Լուսարձակի տակ առնուած է նաեւ եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ գոյացող համագործակցութիւնը՝ ընկերային կեանքին զանազան մարզերէն ներս








All the contents on this site are copyrighted ©.