2016-11-24 09:54:00

Նախագահ Սարգսեան կը շնորհաւորէ Լիբանանի անկախութեան տօնը:


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:

«Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորեմ ձեզ` մաղթելով, որ ձեր նախագահութեան օրերուն Լիբանան շարունակէ նուաճումներ արձանագրել: Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ամրապնդուած դարաւոր յարաբերութիւնները եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ շարունակական բարեկամութիւնը պիտի շարունակուին նոյն հեզասահութեամբ` հասնելով հզօրութեան յաւելեալ բարձունքներու, ձեր իշխանութեան ընթացքին:

Այս առիթով ձեզի առողջութիւն կը մաղթեմ, իսկ լիբանանցի բարեկամ ժողովուրդին` խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն», նշուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորագիրին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.