2016-11-24 09:40:00

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան 14րդ օրինաւոր խորհրդակցութեան երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ 21-22 նոյեմբեր 2016ին, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի։

Աշխատանքները սկսան Ընդհանուր քարտուղարի, Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերիի ելոյթով։ Խորհուրդի անդամներէն Սերկիօ Տա Ռոխա եւ Քարլոս Օսորօ Սիերրա նոր անուանեալ Կարդինալներէն են։

Նիստին ներկայ գտնուած են նաեւ Կրօնաւորական Կեանքի Հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Ժաօ Պրազ Աւիզ, Կղերիկոսներու Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա, եւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի ժողովի Կառավարիչ՝ Քեւին Ֆարրել։

Յաջորդաբար քննարկուած է 15րդ համագումար նիստի նախապատրաստական թղթածրարի ծրագիրը՝ պատրաստուած Վատիկանի Ընդհանուր Քարտուղարութեան կողմէ, համագործակցութեամբ սոյն սիւնհոդոսի քննարկած նիւթի մէջ մասնագիտացած անհատներու։ Սիւնհոդոսի 15րդ համագումար նիստին նիւթն է «Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչման զատորոշումը»։ Ժողովի համար պատրաստուած թղթածրարը կը բովանդակէ հարցարան մը, որ ուղղուած է Եպիսկոպոսական Ժողովներուն, Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Սիւնհոդոսներուն եւ այլ մարմիններուն, որպէսզի անոնք փոխանցուին թեմերու եւ եկեղեցական հաստատութիւններու։

Խորհուրդի անդամները կազմած են հարցարանը, նկատի առնելով աշխարհագրական եւ մշակութային տուեալները։ Թղթածրարը ընդունուած է միաձայնութեամբ։ Վերջապէս, Խորհուրդի անդամներուն ուշադրութեան յանձնուած է Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Կարգաւորութեան վերատեսութիւնը։

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի երկրորդ քարտուղար, Գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ, տեղեկութիւն տուած է այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներու մասին։

Սրբազան Պապը, աշխատանքներու աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնած է Խորհուրդի անդամներուն եւ այլ մասնակիցներուն՝ անոնց բերած նպաստին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.