2016-11-23 09:13:00

Քահանայապետի յատկացուած նուիրատուութեան նոր կայքէջ համացանցի մէջ:


(Ռատիօ Վատիկան) Պետրոս եւ Պօղոս Սուրբ Առաքեալներու տօնին առիթով, աշխարհի չորս կողմը կը կատարուին նուիրատուութիւններ, որոնք կը դրուին Սրբազան Քահանայապետի տրամադրութեան տակ։ Այս հանգանակութիւնը կը կոչուի «Սուրբ Պետրոսի Նուէր»։ Սա կը ներկայացնէ նիւթական այն օգնութիւնը, որ հաւատացեալներ կու տան Սրբազան Պապին՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ կարիքներուն համար։ Այդ նուիրատուութիւններով, կը կատարուին մարդասիրական գործեր՝ ի նպաստ ամենէն կարիքաւորներուն։

Վատիկան Քաղաքի Վարչութիւնը, Հաղորդակցութեան միջոցներու քարտուղարութիւնը եւ Վատիկանի դրամատունը համագործակցաբար կազմած են նոր կայքէջ մը համացանցի մէջ, աւելցնելու յիշեալ նուիրատուութեան կարելիութիւնը։

Կայքէջը (www.obolodisanpietro.va) արդէն տրամադրելի է իտալերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով։

Հոն՝ Սրբազան Քահանայապետի լուսանկարներ եւ խօսքերը, թարգմանուած զանազան լեզուներու, պիտի այժմէականացուին ստէպ։

Կայքէջը, որ իրականացած է մեծ խնամքով, միջոց մը պիտի ըլլայ, ճանչնալու եւ խորացնելու ողորմութեան գործերու իմաստը։

Ան տրամադրելի է աշխարհի շուրջ բոլոր հաւատացեալներուն։ Այսպէս, հաւատացեալներ կրնան նաեւ համացանցի միջոցաւ կատարել ողորմութեան գործեր՝ քրիստոնէական սիրոյ հոգիով։








All the contents on this site are copyrighted ©.