2016-11-23 09:11:00

Յառաջիկայ երեք տարիներու երիտասարդաց համաշխարհային օրուան նիւթերը


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի եւ կեանքի ի սպաս Քահանանայապետական խորհուրդը , երեքշաբթի 22 նոյեմբերին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց յառաջիկայ 2017, 2018 եւ 2019 երեք տարիներու՝, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան նիւթերը։

2017-ին, երիտասարդաց համաշխարհային 32-րդ օրուան նիւթն է ՝՝  ինծի համար մեծ բաներ ըրաւ Ամենակալը` քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն  (1,49) , 2018ին,  երիտասարդաց համաշխարհային 33-րդ օրուան նիւթն է ՝՝Մի վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար՝՝(Ղուկաս 1.30)

2019-ին` Փանամայի մէջ նշուելիք համաշխարհային 34 –րդ օրուան նիւթն է ՝՝ Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն՝՝ ՚(Ղուկաս 1.38)

Վերոնշեալ հաղորգարութեան մէջ նշուած է, թէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան  նիւթերը ընտրուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, ու  անոնք կը կազմեն հոգեւոր ուղեգիծը երիտասարդաց  համաշխարհային երեք տարիներուն, որոնք իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին Փանամայի մէջ նշուելիք,  միջազգային հանդիսաւոր արարողութեամբ։

Վերոյիշեալ նիւթերը  շարունակութիւնը  կը հանդիսանայ   2014-2016 վերջին երեք տարիներուն ԵՀՕ խորհրդածաութիւններուն, որոնք որպէս կեդրոնական նիւթ  ունէին` Յիսուսին Երանութիւնները։  Սուրբ Կոյս Մարիամ այն անձն է, որ բոլոր սերունդները զինք երանելի պիտի կոչեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ Քրաքովիայի երիտասարդաց համաշխարհային օրուան առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ցոյց տուաւ Յիսուսի Մօր կեցուածքները՝   զանոնք ներկայացնելով որպէս  տիպար եւ օրինակ։ Ան երիտասարդներուն ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ հրաւիրեց զանոնք յիշել անցեալը , քաջութիւնը ունենալ ներկան ապրելու աղա յոյս ունենալ ապագայի նկատմամբ։

Վերոյիշեալ նիւթերուն նպատակն է , յառաջիկայ տարիներուն նշուելիք ՀԵՕ հոգեւոր ուղեգիծին տալ Մարեմեան բնոյթ, միեւնոյն ժամանակ վերակոչել ուղեւորութեան մէջ գտնուող  երկտասարդի  մը պատկերը, անցեալին` 2017ին,  ներկային 2018-ին, եւ   ապագային 2019-ին,    ոգեւորուած` հաւատք, սէր եւ յոյս, Աստուածաբանական երեք առաքինութիւններով։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.