2016-11-23 10:03:00

Մեսրոպեանը տօնեց Լիբանանի անկախութեան օրը:


Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած յուսատու ծանօթ զարգացումներու առթած դրական մթնոլորտը իր արտայայտութիւնը գտաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի այս տարուան Անկախութեան օրուան տօնակատարութեան մէջ, որ կայացաւ Ուրբաթ, 18 Նոյեմբերին:

Աշակերտները հանդիսութեան մասնակցեցան մեծ խանդավառութեամբ՝ բեմէն թէ սրահէն, մեծ ոգեւորութիւն ստանալով նաեւ օրուան գլխաւոր պատգամէն, զոր փոխանցեց յատուկ այս առիթով վարժարան հրաւիրուած զօրավար Ժորժ Նատէր՝ Լիբանանեան բանակի յատուկ ուժերու հանգստեան կոչուած նախկին հրամանատարը:

Իր պատգամին մէջ զօր. Նատէր կոչ ուղղեց աշակերտներուն որպէս երկրի ապագայ քաղաքացիներ տէր կանգնիլ հայրենիքին եւ ժողովուրդին շահերուն եւ վստահիլ ու զօրակցիլ Լիբանանեան բանակին՝ որպէս երկրի անկախութեան ամենակայուն երաշխաւոր: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ երկրին նկատմամբ եւ չզլանայ օրէնքով նախատեսուած իր քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարել յանուն աւելի արդար եւ ապահով երկրի մը: Զօր. Նատէր ըսաւ, որ Լիբանան պարտաւոր է գործադրել իրապէս անկախ եւ ազգային քաղաքականութիւն եւ վերջ դնէ արտաքին ուժերու թելադրանքներով պայմանաւորուած գործողութիւններուն:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն վաղուայ Լիբանանի պայծատ ապագան, կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն սրբօրէն պահպանելու միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները, անոնց հիմքին վրայ ամուր պահելու համար լիբանանեան հայրենիքն ու ընկերութիւնը:

Այս առիթով, Պարոն Կրէկուար Գալուստ վարժարանին կողմէ գնահատանքի յուշանուէր մը  յանձնեց զօր. Նատէրին:

Մեսրոպեանի արաբերէնի ուսուցչուհի, հանդիսութեան կազմակերպիչներէն տիկին Ռուլա Սարգիս իր հերթին ողջունեց Լիբանանեան բանակն ու ոգեկոչեց անոր նահատակները: Այս առիթով ան յիշատակեց նաեւ Արցախի մէջ ինկած հայ զինուորները, որոնք նոյնպէս իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն հայրենի հողի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով, Մեսրոպեանի Ծիծեռնակ մեծերու երգչախումբը կատարեց երկու երգեր, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի, տարբեր դասարաններու աշակերտներ ներկայացուցին լիբանանեան աւանդական տապքէ պարեր, երկրորդականի խումբ մը աշակերտներ կատարեցին լիբանանեան աւանդական երգասացութեան կտոր մը՝ զաժալ, Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներ արաբերէն լեզուով ներկայացուցին  թատերական պատկեր մը՝ "Ինչ կը պահանջենք մեր կառավարութենէն 2016-ին" վերնագրով, Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներ ներկայացուցին Լիբանանի համառօտ պատմութիւնը՝ լուսանկարաշարքի մը ընկերակցութեամբ, աշակերտուհիներ Մարիա Եմէնեան (դաշնամուր) եւ Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ) գեղեցկօրէն նուագեցին երաժշտական երկու կտորներ: Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Լիբանանի միասնութեան նուիրուած One Lebanon երգով, զոր կատարեցին կրտսեր եւ աւագ դասարաններու աշակերտներ՝ միասնաբար: Աշակերտութեան խօսքը փոխանցեց Վանեսսա Հատատ, օրուան հանդիսավարն էր Մեսրոպեանի աշակերտուհի Քրիսթէլ Գոշոյեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.