2016-11-23 09:17:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Միայն Բացուած Ափով

Առատաձեռնութեան կամ բարերարութեան համար բնականաբար բացուած ափ պէտք է ունենայ մարդ: Յաճախ կ՛ըսեն, թէ ոմանց ձեռքը մինչեւ իրենց գրպանը չի՛ հասնիր: Տալու արուեստը միշտ գնահատուած է, մանաւանդ տօնական օրերուն, երբ մարդիկ կը յիշեն աղքատները, զրկեալները, հիւանդները, որբերն ու անտունները, եւ իրենց արդար վաստակէն բաժին կը հանեն անոնց:
Աղքատախնամութեան այս երեւոյթը ոմանց մօտ համազօր է խեղանդամութեան ի տես Աստուծոյ ընծայուած գոհաբանութեան ու շնորհակալութեան, փառք տալով, որ Արարիչը զիրենք ստեղծած է առողջ մարմինով ու կատարեալ ֆիզիքականով: Մարդիկ ինչքան ալ խղճան խեղանդամ ծնունդներու, դարձեալ իրենց հոգիի խորքէն հառաչելով երախտապարտ կ՛ըլլան Աստուծոյ, որ խնայեր է իրենց նման դժբախտ կացութիւն: Սակայն, Աստուծոյ գոհաբանութիւն յայտնելու համար առիթներ հարկաւոր չեն, ո՛չ ալ մասնաւոր տօնական օրեր: Ատիկա նման է բարեգործութիւն ընելուն կամ չընելուն: Որովհետեւ կա՛մ բարեգործ ես, եւ կամ՝ ո՛չ: Կեանքի ընթացքին մէկ անգամ բարեգործութիւն կատարած անձը բարեգործ չի՛ կրնար նկատուիլ: Ատիկա թերեւս պատահականութեան կամ ստիպումի հետեւանքով եղած ըլլայ: Բայց իսկապէս բարեգործ մարդը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ այն անձերը, որոնք իր բարեգործութեան կարիքը կը զգան:
Նոյնն է բարեպաշտութիւնը, կամ աստուածասիրութիւնը: Եթէ միայն ի ցոյց մարդկանց, կամ միայն որոշ առիթներով աստուածապաշտ պիտի ըլլան մարդիկ, ատիկա իսկական բարեպաշտութիւն, կամ աստուածապաշտութիւն կարելի չէ՛ համարել: Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղածութիւնը մնայուն եւ կեդրոնական զգացումի վերածելով միայն, կարելի է արժեւորել Անոր նկատմամբ բարեպաշտութիւնը:
Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի ամբողջ ուսուցումը բարեպաշտական զգացումի մասին, հաւատացեալները հեռու կ՛ուզէ պահել ձեւականութենէ կամ՝ Նոր Կտակարանեան բառով՝ փարիսեցիութենէ: Յատկապէս ներկայ դարու սկզբնաւորութեան, կրօնական վերազարթօնքով սկսած շարժումներն ու նորարարութիւնները, որոնք Խորհրդային Միութեան փլուզումը արագացուցին եւ անոր յաջորդեցին, բնա՛ւ նպատակ չունէին ձեւականութիւնը դարձնել բարեպաշտութեան հիմնական նպատակը: Սակայն, ահեղավազ ջուրի հոսանքը այդ ուղղութիւնը ստացաւ, իր հետ տանելով «երիտասարդ խիճեր»ով լեցուն ափունքը լայնանիստ գետերուն, որոնք գացին լեցնելու համաշխարհայնացումի հոգեւոր ովկիանները, կորսնցնելով իրենց ազգային, մշակութային, եկեղեցական ու ցեղային զանազան իւրայատկութիւնները: Միացեղ ու միակրօն պատկերը, պարզ կրկնօրինակն էր աշխարհի «փոքրացման» հետեւանքով առաջարկուած միատեսակութեան ու միաձեւութեան, որուն զոհ կ՝երթան առհասարակ փոքր ժողովուրդներ, փոքր եկեղեցիներ, կամ փոքր հաւաքականութիւններ:
Բռնցքուած ձեռքերու առաւելութեան մասին միշտ կը պատգամեն պայքարող ժողովուրդներ, դաստիարակելով իրենց յաջորդող սերունդները, տէր կանգնելու հայրենիքին, ազգին, ու այն ամէն ժառանգութեան, որ իրենց նախնիները թողած են իբրեւ ազգային ժառանգութիւն:

Հաշտութեան ու ներողամտութեան գործընթացը, որ շատերու համար դժուարին քայլ ու աշխատանք կը համարուի, խորքին մէջ աւելի կարճատեւ ճամբայ ունի երթալիք, քան՝ ատելն ու յիշելը: Ատելութիւնը շատ խորունկ զգացում է, որ յիշողութեան հետ սերտօրէն առնչուած է: Ան անձը որ իր յիշողութիւնը կը կորսնցնէ, անցեալը կը մոռնայ ամէն մանրամասնութիւններով, ու այդ վայրկեանը կÿապրի միայն: Այս դժբախտութիւնը յաճախ օրհնութիւն կը դառնայ անոնց համար, որոնք տխուր անցեալ ունեցած ըլլալով, չէին կրնար հանգիստ քուն վայելել: Իսկ յիշողութեան կորուստով, անցեալը իր տխուր յիշատակներով կը թաղուի պատմութեան մէջ, մինչեւ հնչէ արդար Դատաստանի ժամը:
Տխուր կեանքով ապրած, ու շրջապատին չարիք հասցուցած մարդու մահուան դիմաց, հաւատացեալ հարազատները յաճախ կÿողբան անոր համար, որ ան առիթ չունեցաւ դարձի գալու, կամ ապաշխարելու: Նման անձի պարագային յիշողութեան կորուստ ունենալը, հաւասար է մահուան, որովհետեւ ան դարձեա՛լ առիթ չունի անդրադառնալու իր ապրած կեանքին, զղջալու կատարած արարքներուն եւ խնդրելու Աստուծոյ ներողամտութիւնը:
Գոհաբանութիւն յայտնելը, կամ Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալը, միայն աղօթքով ու սաղմոսերգութեամբ արտայայտութիւն պէտք չէ՛ գտնեն: Այլ՝ բացուած ափդ հարկաւոր է, թէ՛ տալու եւ թէ ստանալու համար: Տալիքդ դո՛ւն կ՛իմանաս, որովհետեւ ատիկա կախեալ է կարողութենէդ, տրամադրութենէդ, ինչպէս նաեւ բարեգործութեան ոլորտին մէջ ստացած դաստիարակութենէդ: Սակայն ստանալը, Աստուծոյ դատողութեան համապատասխան չափո՛վ պիտի կատարուի: Մեր կատարած ամէն արարքները մեր սրտի հայելիին վրայ կը տպաւորուին, եւ Աստուած յստակ կը տեսնէ զանոնք, իրենց հարազատ գոյներով: Տալու ձեւը այնքան կարեւոր չէ՛, որքան ոգին, տրամադրութիւնը, ու տալէ ետք՝ կատարուած բարեգործութեան չ՝անդրադառնալը:
«Բարիք ըրէ՛ եւ ծով նետէ՛», խորհրդաւոր ձայնով կ՝ըսէր փորձառու ծերունին, երբ տեսնէր թէ բարեգործը, իր կատարած բարիքը ստացած թշուառ անձը մոռցած, բարեգործութիւնը ծանուցելու մտահոգութենէ տարուած է:
Բացուած ափը հաշտութեան, սիրոյ, ներողամտութեան ու զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ առաջ, պէտք է ըլլայ բարեգործութեա՛ն համար բացուած ափ: Ինչքան ալ բռնցքուած ձեռքեր տեսնես դիմացդ, դուն բա՛ց ափդ, երկարէ՛ ձեռքդ, միշտ գոհաբանութիւն ընծայելով Աստուծոյ, որ այդ շնորհքին ու գիտակցութեան հասցուցած է քեզ: Միայն բացուած ափո՛վ կրնաս յաղթել աշխարհին:








All the contents on this site are copyrighted ©.