2016-11-22 09:59:00

Խաչքարի Օծում՝ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բակին մէջ:


Կիրակի, Նոյեմբեր 20-ին Ամմանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն:

Այն իրականացուցին  Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Յորդանանի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Աւետիս վարդապետ Իբրաջեան եւ Աւետիք վարդապետ Յովհաննիսեան:

Հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթ ունեցաւ Յորդանանի մէջ` Պրազիլի դեսպանատան մշակոյթի գիծով փոխ-հիւպատոս պրն. Յովսէփ Սէֆէրեան:

«Ամէն հայ պիտի ձգտի իր ասպարէզին մէջ լաւագոյնը ըլլալու, եւ մեր ողջ կարողութիւնը՝ ռազմական, նիւթական, գիտական եւ մարդկային, հաղորդակցական, պիտի գումարուին եւ ի սպաս պիտի դրուին մեր Պետութեան հզօրացման ի խնդիր, իսկ մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը պիտի նպաստէ այս գործընթացին: Եւայսպէս, մէկուն զէնքը, միւսին փողը, երրորդին գիտութիւնը, չորրորդին կապերը եւ, պահանջեալ հարկին, բոլորիս արիւնը, Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է դրօշի ներքոյ պիտի կերտէ Հայկական Հզօրանք, որ զղջում պիտի պարտադրէ թուրքին եւ արդարութեան դռները լայն պիտի բանայ մեր առջեւ:

Այս գործընթացին սկիզբը սէրն է․ Ամէն հայ պարտի սիրել ամէն հայու և յարգել անոր,նախանձն ու բամբասանքը մեզ չի միաւորեր այլ բաժան բաժան կ՛ընէ եւ կը տկարացնէ մեզ»- ըսաւ ան:

Պրն. Յովսէփ Սէֆէրեանի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ   S.O.S. Chretiens d’Orient կազմակերութեան աջակցութեամբ արարողութեան աւարտին հոգեճաշ մատուցուեցաւ բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն:

Նշենք,, որ Յորդանանի հայ համայնքը կը պատկանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Կան երեքեկեղեցիներ` Ս. Թադէոս առաքելական եկեղեցի, Ս. Կարապետ առաքելական եկեղեցի,  Ս. Սահակ եւՄեսրոպ կաթոլիկ եկեղեցի:  Կը գործեն Կիւլպէնկեան-Եուզպեշեան, ինչպէս նաեւ Սահակ-Մեսրոպվարժարանները, որոնք ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԱՄՄ-ի հետ միասին մեծ դերակատարութիւն ունինՅորդանանի մէջ հայապահպանման գործընթացին:








All the contents on this site are copyrighted ©.