2016-11-22 11:04:00

Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի քարոզը պսակեալ զոյգերուն սուրբ Պատարգի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 նոյեմբերին, Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ պսակեալ զոյգերուն համար։ Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք այս առթիւ արտասանած Սրբազան Հօր քարոզը.

Սիրելի հայրեր, սիրազեղ մայրեր եւ սիրասուն զաւակներ

Այսօր, այս սուրբ եկեղեցւոյ մէջ, մեծ ցնծութիւն է եւ ուրախութիւն, տեսնել ձեզի նման հայրեր եւ մայրեր, որ եկած եք կրկին անգամ վկայելու ձեր սիրոյ միութիւնը բոլորին առջեւ եւ տօնախմբելու ձեր յոբելանականը: Պատահական չէ որ դուք հոս կը գտնուիք այսօր, որովհետեւ դուք Աստուծոյ ծրագրին արդիւնքն եք եւ բարի պտուղը:
Սիրելիներ, Աստուած երբ հողէ ստեղծեց Ադամը եւ անոր կողի ոսկորներէն կազմեց Եւան ըսաւ. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք եւ երկիրը լեցուեցէք»: Աստուած, որպէս հեղինակը ամուսնութեան, զայն օժտեց յատուկ օրէնքներով եւ անոր նպատակները սահմանեց: Հետեւեբար կեանքի եւ սիրոյ միութիւնը մարդու եւ կնոջ միջեւ, էական նպատակն է որդեծնութիւնը եւ զաւակներու ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան դաստիարակութիւնը:
Այր եւ կնոջ բեղմնաւորութիւն պարգեւելով` Աստուած ուզեց զանոնք մասնակից դարձնել իր հրաշալի ստեղծագործութեան, ուրեմն դուք Աստուծոյ հետ մասնակից եւ աշխատակից դարձաք: Ճշմարիտ ամուսնական սէրը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան կեանքին էութիւնը, ծնողներու հոգիներուն մէջ կը ստեղծեն տրամադրելիութիւն մը գործակցելու Աստուծոյ հետ, որ կը ցանկայ աճեցնել եւ ճոխացնել մարդկային ցեղը:
Սակայն ի՞նչ է ձեր դեռը Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ: Ձեր ունեցած սէրով եւ հաւատարմութեամբ գործակից դարձաք Աստուծոյ եւ ձեր այդ սէրը մաս եւ բաժին եղաւ ստեղծագործութեան մէջ: իսկ այս ստեղծագործութեան պտուղը ձեր զաւակներնն են, Այս ամէնը աստուածային ծրագրին համեմատ է, իսկ նպատակը` մարդկային որդեծնութիւնը:
Ձեր զաւակները արդիւնքն է երեք պատճառներու գործակցութեան` Աստուծոյ, բնութեան եւ ձեր' ծնողներու: Աստուած կը ստեղծէ հոգին. բնութիւնը` կենսաբանական օրէնքները եւ մարմինը. Իսկ դուք ծնողները կը դնեք անհրաժեշտ պայմանը որն է սէրը, որպէսզի Աստուած եւ բնութիւնը կարենան կատարել իրենց գործը:

Աստուծոյ կատարելիքը մարդկային էակին կազմաւորումին մէջ, բնականօրէն Հոգւոյն ստեղծագործութիւնն է: Յղութեան առաջին վայրկեանէն մօրը արգանդին մէջ գտնուող կենդանի էակը` կազմուած երկու ամենափոքր սերմնային բջիջներէ, մարդկային կատարեալ էակ մըն է, օժտուած անմահ հոգիով` կազմուած Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ եւ վիճակուած ընդունելու Քրիստոնական գերբնական կեանքը ու ապրելու յաւերժապէս Ամենասուրբ Երրորդութեան միութեամբ:
Այսօր ձեր ժողովրդապետթիւնը մեծ սէր եւ փափաք ունի մասնակից դառնալու ձեր պսակի յոբելանականին, յիշատակել եւ տօնել ձեր հետ:
Կը յորդորեմ ձեց սիրելիներ, հաստատ եւ անխախտ պահեցէք ձեր այս սուրբ միութիւնը, ընտանեկան սրբութիւնը եւ զաւակներու հանդէպ անսահման սէրը, որովհետեւ ձեր այս սէրը Աստուած ինք օրհնուած է, ինքն է պատճառը ձեր միութեան: Թող ամենայ բարի Աստուծոյ սուրբ Աջը ձեր վրայ պահապան ըլլայ, հեռու պահէ ձեզ չարիքէ, փորձանքէ եւ մանաւանդ չար մտածումներէ:
 








All the contents on this site are copyrighted ©.