2016-11-22 09:45:00

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ռազմական ուղի գոյութիւն չունի»


2017-ին ԵԱՀԿ-ի նախագահող Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը կը բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ռազմական ուղիով լուծումը: Ան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի մէջ ներգրաւուած կողմերը պէտք է առաւելագոյն ջանք ի գործ դնեն` ռազմական նոր դրսեւորումները բացառելու համար, որովհետեւ անոնց կրկնութիւնը կրնայ ճակատագրական ըլլալ:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարներուն մասին` Քուրց ըսած է. «Մէկ բան յստակ է. հակամարտութեան լուծման ռազմական ուղի գոյութիւն չունի, եւ ներգրաւուած կողմերը պէտք է իրենց առաւելագոյնը ընեն` համագործակցելու, վստահութիւն եւ երկխօսութիւն հաստատելու համար` կեդրոնանալով դիւանագիտութեան, եւ ոչ թէ ռազմական գործողութեան վրայ: Բռնութեան յաւելեալ դրսեւորումը ճակատագրական պիտի ըլլայ, եւ միջազգային ընտանիքը ատոր կողմնակից չէ, բոլորը` Մոսկուայէն մինչեւ Ուաշինկթըն, շատ յստակ դիրքորոշում ունին այս հարցին մէջ: Շարք մը առաջարկներ քանիցս դրուած են բանակցային սեղանին վրայ, իսկ վերջերս ընդունուած են վստահութեան հաստատման միջոցներու մասին որոշ գաղափարներ, որոնք կը սպասեն կիրարկման»:

«Աւստրիան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման փնտռտուքին մէջ: Տակաւին շատ կանուխ է խօսելու յստակ նախաձեռնութիւններու մասին` շատ բան կախեալ է տարածաշրջանին մէջ զարգացումներէն: Վիեննան այս տարուան մայիսին նախագահական վեհաժողովի գումարման վայրն էր, մենք միշտ պատրաստ ենք դարձեալ բանակցութիւններ հիւրընկալելու, եթէ կայ փափաք: Մենք Մինսքի խումբի անդամ չենք, սակայն առաւելագոյնը պիտի ընենք` աջակցելու Մինսքի հոլովոյթին: Մենք ատիկա պիտի ընենք իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահ եւ իբրեւ պետութիւն մը, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի երկու առնչակից երկիրներուն հետ», նշած է աւստրիական դիւանագիտութեան պետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.