2016-11-21 09:59:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակի պատարագ:


Կիրակի 20 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով բացումը կատարուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթներով ազգային առաջնորդարանի կազմակերպած յոբելենական ձեռնարկներու շարքին:

Սուրբ պատարագին ներկայ եղած հանրութիւնը առիթը ունեցաւ ըմբոշխնելու Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի երգեցողութիւնը` ղեկավարութեամբ հանրածանօթ մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի:

25-ամեակ մը առաջ Լիբանան այցելած ակադեմական երգչախումբը` նոյն խմբավարին ղեկավարութեամբ, լիբանանահայութեան հրամցուցած էր հայկական երգարուեստի գլուխ- գործոցներու շարք մը, բարձրագոյն կատարողականութեամբ, հմայելով հանդիսատեսը: Երէկուան պատարագը եւս դեռ երկար կը շարունակէ դրոշմուած մնալ ներկաներու յիշողութեան մէջ, ո՛չ միայն խմբավարի հմտութեան, այլ նաեւ թէ՛ մեներգողներու եւ թէ՛ ընդհանրապէս երգչախումբի ներկայացուցած հոգեւոր երաժշտութեան ամէնէն բարձր կատարողականութեան առումներով:

Կազմակերպող կողմը ամէնէն պատշաճ եւ ամէնէն նպատակային քայլը առած էր վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթով հրաւիրելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ակադեմական երգչախումբը:

Լիբանանահայութեան ընձեռուած այս առիթը հազուագիւտ է. լիբանանահայութիւնը տակաւին երկու անգամ առիթը ունի ըմբոշխնելու բարձրորակ արուեստի  հրաշալի կատարողականութիւնը:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ Հայրապետական մաղթանք` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ազգային երեսփոխաններու, Ազգային վարչութեան անդամներու եւ մեծաթիւ ժողովրդային բազմութեան:

Վեհափառ հայրապետին դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները եւ Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի աշակերտները: Աղ ու հացի աւանդական ընդունելութենէ ետք, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի:

Հայրապետական մաղթանքի կատարումէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ բարձրօրէն գնահատեց Ազգային առաջնորդարանի բեղուն եւ ճիւղաւորուած գործունէութիւնը, համախմբուած` առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ Ազգային առաջնորդարանի կառոյցներուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ մեր եկեղեցին լծուած է մեր ժողովուրդի ծառայութեան, որ եկեղեցւոյ ճամբան է, գոյութեան իրաւունքը եւ սրբազան նպատակը: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Քրիստոս իր առաքեալները ղրկեց աշխարհ իր արժէքները տարածելու, եւ Քրիստոսի գերագոյն արժէքներէն մէկը ծառայութիւնն է: Քրիստոս ինք դարձաւ մարդկութեան գերագոյն ծառան, եւ նուիրումով ու հաւատարմութեամբ ծառայեց եւ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց խաչին վրայ»:

Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ եկեղեցին իր ճշմարիտ առաքելութեան մէջ կ՛ըլլայ, երբ ժողովուրդին ծառայէ, որովհետեւ եկեղեցին վայր չէ, կառոյց չէ, նուիրապետութիւն չէ, այլ` առաքելութիւն է մեր ժողովուրդի ծառայութեան ճամբով: Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս գիտակցութեամբ կը ծառայէ մեր ժողովուրդին, եւ աւելցուց. «Քրիստոս իր ծառայութեամբ կերտեց իր իշխանութիւնը եւ հեղինակութիւնը, հետեւաբար այսօր բոլորս` հոգեւորական թէ աշխարհական, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անշահախնդիր ծառայութեամբ կերտենք մեր հեղինակութիւնը: Այսօր կ՛ողջունեմ Լիբանանի մեր սիրելի զաւակները, եւ իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը միշտ պէտք է մնանք հմայք ունեցող, հեղինակութիւն ունեցող եւ կեցուածք ունեցող համայնք»:

Վեհափառ հայրապետը շարունակեց. «Աստուածաշունչին մէջ տիրական ներկայութիւն է եւ ցայտուն արժէքներէն մէկն է լոյսը, որ հոմանիշ է աստուածաշնչական արժէքներու, յարութեան, ստեղծագործութեան, ճշմարտութեան, կեանքի, այլ խօսքով` լոյսը հոմանիշ է Աստուծոյ, եւ լոյսի ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է: Աստուած ինքն է ճշմարիտ եւ յաւիտենական լոյսը, եւ ո՛վ որ կ՛ուզէ խաւարին մէջ չմնալ, դէպի լոյս պէտք է երթայ, Քրիստոսին պէտք է հետեւի»:

Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ հայոց պատմութիւնը ստեղծագործական ու մարտունակ ոգիով ու նահատակութեան ընծայումով մնայուն ճիգ մըն է դէպի ճշմարիտ լոյսը աշխարհի, եւ առանց լոյսի, մեր կեանքը խաւարի մէջ է եւ պիտի կորսնցնէ իր ճշմարիտ իմաստը, արժէքը եւ նպատակը:

Սուրբ պատարագի աւարտին, Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը միեւնոյն հմայիչ եւ բարձրորակ կատարումով մեկնաբանեց Հայրապետական մաղթերգը եւ «Կիլիկիա»-ն:

Ապա, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ առաջնորդական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը, իրեն ընկերակցող շքախումբը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը եւ Ազգային ակադեմական երգչախումբի անդամները հանդիսացան ճաշի հիւրը Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց վարչութեան:

Այս առիթով, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային ակադեմական երգչախումբին` հաստատելով, որ երգչախումբին մասնակցութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութեան կու տայ յաւելեալ փայլք, արժէք եւ նշանակութիւն: Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին հաստատեց, որ Ազգային առաջնորդարանը պիտի շարունակէ անսալ մեր գաղութի կարիքներուն եւ դէմ յանդիման կանգնիլ բոլոր մարտահրաւէրներուն: Ան վեհափառ հայրապետի գահակալութեան առիթով մաղթեց արեւշատութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր իրագործումներ:

Խմբավար մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին` հիւրընկալութեան համար եւ բարձրօրէն գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ազգանուէր եւ բեղուն գործունէութիւնը:

Աւարտին, իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ բարձրօրէն գնահատեց Ազգային ակադեմական երգչախումբի բարձրորակ կատարումը` մաղթելով, որ խումբը եւ խմբավարը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` ի խնդիր մեր մշակութային ժառանգութեան զարգացման եւ հարստացման:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով հովուապետական այցելութիւնը կը շարունակուի երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ տեղի ունենալիք Ազգային ակադեմական երգչախումբի իւրայատուկ եւ աննախադէպ համերգով:








All the contents on this site are copyrighted ©.