2016-11-21 12:00:00

Լոյս տեսաւ Ողորմութեան ս. տարւոյն հայող ''Ողորմութիւն ու թշուառութիւն'' առաքելական նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 նոյեմբեր 2016-ին,  Սուրբ Պետրոսի Սուրբ դրան փակումով ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակային վրայ մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագով եզրափակուեցաւ  Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ Յոբելեանը։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ստորագրեց Ողորմութեան Սուրբ տարուայ հայող ''Ողորմութիւն ու թշուառութիւն'' առաքելական նամակը, ուղղուած համայն եկեղեցւոյ­,  ապա զայն խորհրդանշական կերպով  յանձնեց Աստուծոյ Ժողովուրդը ներկայացնող զանազան անձերու։

Վերոնշեալ առաքելական նամակի պաշտօնական ներկայացումը  կատարեց Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա` Նոր Աւետարանութեան զարգացումին Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, երկուշաբթի 21 նոյեմբեր 2016-ի ժամը 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճին մէջ։

Առաքելական նամակը կը սկսի հետեւեալ բառերով ''Բոլոր անոնց որոնք կը կարդան սոյն առաքելական նամակը ողորմութիւն ու խաղաղութիւն''

Ֆրանչիսկոս Պապ, նամակին մէջ կը յիշէ Յովհաննէսի Աւետարանի պատմած մեղաւոր կնոջ եւ Յիսուսի հանդիպումի մասին։ Ան կը յիշէ Սուրբ Օգոստինոսը, որ կը գործածէ “Ողորմածութիւն” եւ “թշուառութիւն” բացատրութիւնները, երբ կը նկարագրէ Յիսուսի հանդիպումը՝ պոռնիկ կնոջ հետ (հմմտ. Յովհ Ը. 1-11)։

Չէ կարելի աւելի լաւ բացատրութիւն մը գտնել՝ կարենալ հասկնալու համար Աստուծոյ սիրոյն խորհուրդը՝ “կը մնան միայն անոնք երկուքը՝ թշուառութիւնը եւ ողորմածութիւնը” կը գրէ Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Աւետարանի այս էջը կրնայ ծառայել իբր պատկեր՝ բնորոշելու համար ողորմածութեան տարին, որ տօնախմբեցինք իբր ողորմածութեամբ հարուստ ժամանակ մը, եւ պէտք է շարունակենք տօնախմբել եւ ապրիլ զայն մեր համայնքներուն մէջ''։

Ողորմածութիւնը պարզապէս փակագիծ մը չի կրնար ըլլալ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, այլ կը կազմաւորէ անոր գոյութիւնը, որ կը բացայայտէ եւ շօշափելի կը դարձնէ Աւետարանի խոր ճշմարտութիւնը։ Այս բոլորը կը յայտնուի ողորմած Հօր սիրոյն մէջ։ Այս պատումին մէջ կը յայտնուի, թէ էական չէ օրէնքի արդարութիւնը, այլ Աստուծոյ սէրը։ Այստեղ հանդիպումը չի կայանար մեղաւորի եւ դատավճիռի միջեւ, այլ մեղաւորի եւ Փրկիչի միջեւ։

Ներումի նման դէպք մը կը պատմէ Ղուկաս Աւետարանիչ, ուր մեղաւոր կին մը կը մօտենայ Յիսուսի, եւ կ’օծէ Անոր ոտքերը։ Ներումը Հօր սիրոյն ամենէն տեսանելի նշանն է. այդ սէրը Յիսուս յայտնեց իր ամբողջ կեանքով։ Ողորմածութիւնը սիրոյ շօշափելի արարքն է, որ ներելով կը փոխակերպէ կեանքը, ինչպէս փոխակերպեց մեղաւոր կիներու կեանքը, եւ անոնց շնորհեց ուրախութիւն, որ ողորմածութեան փորձի հետեւանքն է։

Մշակոյթի մը մէջ, ուր կը գերիշխէ ճարտարարուեստը՝ կը բազմանան տխրութեան եւ առանձնութեան երեւոյթները։

''Ողորմածութեան տարին մեզի շնորհեց ողորմածութեան շնորհքը։ Ի տես այդ շնորհքին, չենք կրնար անտարբեր մնալ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը կը փոխակերպէ մեզ'' կը  հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ, իր նամակին մէջ, ապա լայն կերպով կ՛անդրադառնայ Սուրբ Խորհուրդներուն՝ իբր ողորմածութեան ապրումի տարածք, եւ անոնց ներգործութեան՝ իբր ողորմածութեան աղբիւր։

Ողորմածութեան տարւոյն աւարտին, կը նայինք դէպի յառաջ եւ կը շարունակենք հաւատարմութեամբ եւ խանդավառութեամբ ապրիլ աստուածային ողորմածութեան հարստութիւնը։ Կոչուած ենք տօնախմբել ողորմածութիւնը, յատկապէս Սուրբ Պատարագին մէջ, ուր ողորմածութիւնը եւ ողորմութեան հայցումը յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Սակայն ընդհանրապէս Սուրբ Խորհուրդներուն մէջ Աստուած առատօրէն կը շնորհէ ողորմածութիւն։ Մասնաւորապէս Խոստովանանքի եւ վերջին օծման խորհուրդներուն մէջ։ Նաեւ Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութիւնը յատուկ իմաստ ունի։

Սուրբ Պատարագի մէջ կը կատարուի երկխօսութիւն մը Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ։ Այս առընչութեամբ կարեւոր է քարոզի տեղը։ Քարոզը պէտք է ըլլայ ողորմածութեան պատգամ։ Իսկ ապրիլ ողորմածութիւնը, լաւագոյն ճանապարհն է, որ ան ըլլայ մխիթարութեան իսկական աւետարանում եւ դարձ հովուական կեանքի մէջ։

Սրբազան Պապը կը շեշտէ Սուրբ Գրքի էական նշանակութեան վրայ, որ կը պատմէ Աստուծոյ ողորմածութեան հրաշալիքներու մասին։ «Իմ վառ փափաքս է, կը գրէ ան, որ Աստուծոյ Խօսքը միշտ աւելի տօնախմբուի, ճանչցուի եւ տարածուի, որպէսզի անոր միջոցաւ կարելի ըլլայ աւելի լաւ հասկնալ սիրոյ խորհուրդը, որ կը բխի ողորմածութեան այդ աղբիւրէն։» Այս իմաստով կարեւոր է նաեւ Աստուածաշունչի հոգեւոր ընթերցումը եւ խոկումը (lectio divina), ուր սուրբ խօսքերու ընթերցումով, հոգեւոր կեանքը կʼամրապնդուի եւ կʼաճի։

Ողորմածութեան տօնախմբութիւնը, սակայն, յատուկ կերպով կը կատարուի խոստովանանքի խորհուրդով։ Ներումի այդ խորհուրդին մէջ, Աստուած ցոյց կու տայ մեզի՝ Իրեն դառնալու ճանապարհը, եւ կը հրաւիրէ կրկին փորձարկել իր մօտիկութիւնը։ Ներում մըն է, որ կրնայ ձեռք բերուիլ, յատկապէս երբ կʼապրինք սիրոյ իրականութիւնը։ Յոբելինական տարւոյն մէջ շնորհքի ուրիշ փորձառութիւն մը եղած է Ողորմածութեան Առաքեալներու ծառայութիւնը։ Անոնց հովուական գործունէութիւնը ուզած է ցոյց տալ, որ Աստուած ոչ մէկ սահման կը դնէ անոնց, որոնք կը փնտռեն Զինք զղջացեալ սրտով։ Ան բոլորին կʼընդառաջէ իբր Հայր։

Սրբազան Հայրը կոչ կʼուղղէ քահանաներուն, որ մեծ խնամքով պատրաստուին Խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելու։ Սա քահանայական իսկական առաքելութիւն մըն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ, որ քահանաները Սուրբ Խորհուրդի մատակարարման մէջ ընդունին բոլորը. ըլլան վկաներ հայրական գուրգուրանքի՝ անկախ մեղքի ծանրութենէն. օգնեն, խորհելու կատարուած չարիքի մասին. ըլլան յստակ՝ բարոյական սկզբունքները ներկայացնելու մէջ. ըլլան տրամադրելի՝ ընկերանալու հաւատացեալներուն, անոնց ապաշխարութեան ուղիին վրայ. ըլլան հեռատես՝ զատորոշելու իւրաքանչիւր պարագայ. ըլլան առատաձեռն՝ շնորհելու Աստուծոյ ներումը։

Աստուծոյ ներումը սահման չունի, Ան միշտ պիտի գրկէ այն որդին, որ կը դառնայ Իրեն՝ ճանչնալով որ սխալ գործած է եւ որոշած է կրկին սկսիլ։ Չկայ ոչ օրէնք եւ ոչ ալ պատուիրան՝ որ կարենայ արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ այս ներումին։ Օրէնքին կառչած մնալ՝ հաւասար է խափանել հաւատքը եւ աստուածային ողորմութիւնը։

Խոստովանանքի խորհուրդը պէտք է վերագտնէ իր կենդրոնական տեղը՝ քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Ասոր համար պահանջք կայ քահանաներու, որոնք իրենց կեանքը կը դնեն «հաշտութեան ծառայութեան» տակ (Բ. Կոր Ե. 9)։

Սրբազան Պապը, շեշտելով ներումի եւ քահանայական ծառայութեան հարկաւորութեան վրայ, այս առիթով իշխանութիւն կու տայ բոլոր քահանաներուն՝ արձակում տալու անոնց, որոնք վիժումի մեղքը գործած են։ Այդ իշխանութիւնը սահմանափակ կերպով շնորհուած էր յոբելենական տարւոյն առիթով։ Ֆրանչիսկոս Պապ կʼաւելցնէ՝ «Իմ բոլոր ուժերովս կʼուզեմ շեշտել, թէ վիժում կատարելը ծանր մեղք մըն է, որովհետեւ վերջ կը դնէ անմեղ կեանքի մը»։

Յոբելինական տարւոյն համար, Ֆրանչիսկոս Պապ նաեւ թոյլատրած էր, որ հաւատացեալներ, որոշ պատճառներով, վաւեր եւ օրինաւոր կերպով ընդունին մեղքերու արձակում՝ Սուրբ Պիոս Ժ.ի Եղբայրութեան քահանաներու կողմէ։ Նաեւ այս թոյլտուութիւնը կ՛երկարաձգուի մինչեւ նոր տնօրինում։

Ողորմածութեան նկարագրական կէտերէն մին է մխիթարութեան շնորհումը։ «Մխիթարեցէք, մխիթարեցէք իմ ժողովուրդս» կը կարդանք Եսայի մարգարէի մօտ (Ես Խ. 1)։

«Թոյլ չտանք, որ մեզմէ կորզեն այն յոյսը, որ յառաջ կու գայ յարուցեալ Տիրոջ հաւատալէն», կը գրէ Սրբազան Պապը։

Արցունքներ չորցնել, շօշափելի արարք մըն է՝ որ կը խզէ առանձնութեան շրջանակը, ուր ստէպ փակուած ենք։ Բոլորս ալ կարիքն ունինք մխիթարութեան, որովհետեւ ոչ ոք զերծ է տառապանքէ, ցաւէ եւ անհասկացողութեան կեցուածքէ։ Սակայն ոչ միշտ խօսքերու կարիքը կայ, երբեմն լռութիւնն ալ մեծապէս կրնայ օգնել՝ վերածուելով բաժնեկցութեան եւ ցաւակցութեան շօշափելի արարքի։

Անցնելով յաջորդ խորհուրդին, Սրբազան Պապը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ ընտանիքի եւ Պսակի Խորհուրդին։ Ան, ամուսնութիւնը կը նկատէ մեծ շնորհք մը։ Սակայն Սրբազան Հօր ծանօթ են նաեւ ամուսնական կեանքի դժուարութիւնները. ան կը յիշեցնէ «Կեանքի ճանապարհը, որ այր մարդ մը եւ կին մը կը միացնէ, իրար սիրելու եւ Աստուծոյ առջեւ հաւատարմութիւն խոստանալու, շատ անգամ ընդհատուած է տառապանքներու, դաւաճանութեան եւ առանձնութեան պատճառով։» Սակայն «Ամուսնութեան Խորհուրդը, ոչ միայն կը զօրացնէ ընտանիքը, այլ եւ պարտք կը դնէ քրիստոնեայ հասարակութեան եւ հովուական գործունէութեան վրայ, երեւան բերելու ընտանիքի դրական արժէքը։»

Ֆրանչիսկոս Պապ, սիրոյ եւ ողորմածութեան իբր հովուական պարտականութիւն կը յիշեցնէ, մահացողներու ընկերակցիլը եւ մխիթարել հանգուցեալի պարագաները։ Եկեղեցին, հաւատացեալին կʼընկերանայ նաեւ մահուան ժամանակ, որ անցում մըն է, դիտուած Յիսուս Քրիստոսի լոյսին տակ։ Ներկայ ժամանակի մշակոյթին մէջ, ուր մահուան նկատմամբ գոյութիւն ունին խոտոր կեցուածքներ, Եկեղեցւոյ առջեւ կը ցցուի մեծ մարտահրաւէր մը։

Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ, թէ յոբելինական տարին աւարտելով, չ՛աւարտիր մեր ողորմածութեան վկաներ ըլլալը, ու ողորմածութեան գործեր կատարելը։

Յոբելինական տարւոյն աւարտին կը փակուի Սուրբ Դուռը։ Սակայն մեր սրտի ողորմութեան դուռը կը մնայ միշտ բաց։

Ողորմածութիւնը, իր բնութեամբ՝ տեսանելի եւ շօշափելի կը դառնայ՝ թանձրացեալ եւ ուժեղ կերպով։ Անգամ մը որ, ողորմածութեան ճշմարտութեան փորձը կատարած ենք, չէ կարելի ետ դառնալ. ան կʼաճի եւ կը փոխակերպէ կեանքը։

Ողորմածութիւնը կը նորոգէ եւ կը քաւէ, որովհետեւ այնտեղ Աստուծոյ սիրտը կը մերձենայ մարդու սրտին։ Այս մերձեցումով կը ջերմանայ մարդու սիրտը. եւ Աստուծոյ սիրտը զայն կը վերականգնէ. քարէ սիրտը կը փոխակերպուի մսեղէն սրտի, ինչպէս կʼըսէ Եզեկիէլ մարգարէն (Եզեկ ԼԶ. 26)։

Սրբազան Պապ կը յիշէ, թէ աշխարհի վրայ չարիքն ու տառապանքը բազմադիմի են։ Ան մանրամասնօրէն կը թուէ աշխարհի չորս կողմ տիրող պատուհասները։ Հետեւաբար Եկեղեցին կարեւոր դեր մը ունի ողորմածութեան պատգամը եւ գործը հասցնելու ամէն կողմ։ Պէտք է միշտ նոր գործունէութիւններու ծնունդ տրուի՝ նկատի առնելով ներկայ ժամանակի պահանջքները. պէտք է դուրս բերել ողորմածութեան ընկերային նկարագիրը. պէտք է աճեցնել ողորմածութեան մշակոյթ մը եւ ողորմածութեան գործերուն մէջ պէտք է ըլլալ հնարամիտ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ Պետրոս Առաքեալի խօսքերը՝ «Ժամանակին ողորմութիւն չէիք ընդունած, այժմ ողորմութիւն գտաք» (Ա. Պետր Բ. 10)։ «Ողորմութեան ժամանակի մէջ կʼապրինք», կը շեշտէ Սրբազան Պապը, «մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրը բնորոշուած է Աստուծոյ ներկայութեամբ, որ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը եւ Սուրբ Հոգիի շնորհքով, զոր կը զեղու մեր սրտին մէջ՝ զայն ձեւաւորելու եւ սիրոյ ատակ դարձնելու համար։»

Նամակի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ՝ «Աստուածամօր ողորմած աչքերը միշտ յարած թող մնան մեր վրայ։ Ան առաջինն է, որ կը բանայ ճանապարհը, եւ կ՛ընկերակցի սիրոյ վկայութեան մէջ։ Ողորմութեան Մայրը բոլորը կը հաւաքէ իր պատմուճանի պաշտպանութեան տակ։ Վստահինք Անոր Մայրական օգնութեան, եւ հետեւինք անոր մշտատեւ ցուցմունքին՝ մեր ակնարկը ուղղելու Յիսուսին, որ է Աստուծոյ ողորմածութեան պայծառ դիմագիծը։»

Տուեալ ի Հռոմ, Սուրբ Պետրոսի, 20 նոյեմբեր, Տօն մեր Տիորջ  Յիսուս Քրիստոսի Թագաւոր  Տիեզերքի, յամին Տեառն 2016-ի,  Քահանայապետութեան չորրորդ տարի։

Ֆրանչիսկոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.