2016-11-21 13:28:00

Աշխարհի եկեղեցիներու սուրբ դուռէն անցած են 950,000 հաւատացեալներ՝ սուրբ տարուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան փակման առիթով, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի  մէջ  մամլոյ ասուլիս մը ընթացքին,  Նոր Աւետարանցման խորհուրդի նախագահ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա  ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապի  առաքելական  նամակը ու այս առթիւ ակնարկելով ողորմութեան սուրբ տարուայ տուեալներուն յայտնեց թէ համայն աշխարհին  մէջ  տեղական թեմերու եկեղեղցներու սուրբ դուռէն անցած են 950.000  հաւատացեանլեր,  մինչ այդ՝  Հռոմ ժամանած են 21 միլիոն ուխտաւորներ նշելու համար ողորմութեան արտակարգ Սուրբ Տարուայ յոբելեանը։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա ընդգծեց նաեւ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին փափաքը՝ 

այն է թէ ողորմութեան տարուայ սուրբ դռները փակուեցան սակայն ողորմութեան ապրումը պէտք է շարունակուի ու մեկնարկելով ողորմութեան սուրբ տարուայ փորձառութենէն­  հաւատացեալները պէտք է առօրեային մէջ շարունակեն ապրիլ  ողորմածութեան փորձառութիւնը ու դառնան ողորմածութեան գործիքներ՝ աշխարհի մէջ որ կարօտը ունի սիրոյ եւ ողորմութեան։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.