2016-11-20 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրեց ''Ողորմութիւն ու թշուառութիւն'' առաքելական նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 նոյեմբեր 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի աւարտին, որով եզրափակուեցաւ  Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ Յոբելեանը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեց Ողորմութեան Սուրբ տարուայ հայող ''Ողորմութիւն ու թշուառութիւն'' առաքելական նամակը ուղղուած համայն եկեղեցւոյ­,  ապա զայն խորհրդանշական կերպով  յանձնեց Աստուծոյ Ժողովուրդը ներկայացնող զանազան անձերու որոնց շարքին.

Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ` Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը, որ է աշխարհի ամենամեծ մայրաքաղաքներէն մին, ապա գերապայծառ Լէօ Ուիլլիամ Քաշլէյի` Էտիմպուրկի Սէն Անտրիուսի Արքեպիսկոպոս, հուսկ Ողորմութեան Միսիոնարներ երկու քահանաներու` մէկը Քոնկոյէն, միւսը Պրազիլէն, ապա Հռոմի թեմէն մնայուն սարկաւագի մը, երկու մայրապետներու Մեքսիքոյէն եւ Հարաւային Քորէայէն, Միացեալ նահանգներէն ընտանիքի մը, նշանուած երիտասարդ զոյգի մը, Հռոմի մէկ ժողովրդապետութեան մէջ ծառայող երկու կրօնուսոյց մայրերու, ապա հաշմանդամի մը ու հիւանդի մը։

Նշենք թէ վերոնշեալ նամակը լոյս կը տեսնէ երկուշաբթի 21 նոյեմբեր 2016-ի կէսօրին. 








All the contents on this site are copyrighted ©.