2016-11-20 11:32:00

Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  գլխաւորեց` Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ Յոբելեանի եզրափակիչ  Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, բացի կարդինալական դասէն, հարիւրաւոր եպիսկոպոսներ ու քահանաներ` որոնց շարքին նաեւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ ու քահանաներ, ու բազմահազար հաւատացեալներ։

Օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն սկիզբը ըսաւ.

''Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի` Թագաւոր Տիեզերքի տօնը կը փակէ նաեւ այս ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիսական տարին''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան աւետարանը քաղուած Ղուկաս աւետարանիչէն ուր կը պատմուի Յիսուսի խաչելութեան մասին (Ղուկաս 23 35-37)։

Աւետարանը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը ներկայացնէ Յիսուսին թագաւորութեան փրկագործութեան գագաթնակէտը։ Աստուծոյ Քրիստոսը, ընտրեալը, թագաւորը, կը յայտնուի առանց իշխանութեան ու փառքի, Ան կը գտնուի խաչին վրայ ուր աւելի յաղթուած է քան յաղթական։ Անոր գահը խաչն է, Անոր թագը փուշերով հիւսուած է, գաւազան չունի ձեռքը եւ ոչ ալ շռայլ զգեստներ, չունի մատանի, այլ քամերը խոցած են անոր ափերը, չունի գանձ մը այլ կը ծախուի 30 դահեկանով։

Արդարեւ Յիսուսին թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ ու Անոր արքայութեան մեծութիւնն ու զօրութիւնը եւս այս աշխարհէն չեն, Անոր արքայութիւնը Աստուծոյ սէրն է, սէր մը որ կարող է բուժել ամէն ինչ։ Ասոր համար Քրիստոսի սէրը խոնարհեցաւ ու ապրեցաւ ու փորձարկեց մարդկային թշուառութիւնը` անարդարութիւնը, դաւաճանութիւնն ու լքումը։ Ան փորձարկեց մահը, գերեզմանը ու այս բոլորին հանդերձ մեր այս թագաւորը մեզ չի դատապարտեց եւ չուզեց նոյնիսկ մեր ազատութիւնը խախտել, այլ դիմեց խոնարհ սիրոյն որ ամէն ինչ կը ներէ ու ամէն բան կը հանդուրժէ։ Միայն այս սէրն է որ յաղթեց ու կը շարունակէ յաղթել մեր ամենամեծ հակառակորդները` մեղքը, մահն ու վախը։ Ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց Յիսուսը` Տիեզերքի թագաւորը դարձնել ''մեր կեանքի ու պատմութեան կեդրոն''­, ընդգծելով թէ ամէն ինչ ունայն է եթէ մենք անձնապէս չ՛ընկալենք Զինք մեր կեանքէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց աւետարանական հատուածի երեք դերակատարներու` բազմութիւնը զոր հեռուէն կը հետեւէր պատահածին, զինուորները ու բարի աւազակը։ 

Մինչ Յիսուս խաչին վրայ էր` բազմութիւնը որ միշտ Յիսուսի շուրջ կը հաւաքուէր այժմ հեռու կեցած լուռ ու մունչ միայն կը դիտէ։ Մենք եւս քանիցս փորձութիւնն ունինք հեռու մնալու Յիսուսի արքայութենէն ու մինչեւ վերջ չ՛ընդունելու անոր անհուն սէրը որ կը զարմացնէ մեր եսը եւ որ յաճախ անհանգստացնող կը թուի։ Կը նախընտրենք մնալ պատուհանի սեմին, մէկդի կենալ, փոխանակ մօտենալու մերձաւորին։ Սակայն Յիսուսը որպէս Թագաւոր ընտրող սուրբ ժողովուրդը կոչուած է հետեւելու այդ շօշափելի սիրոյ ճանապարհին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Խաչի ոտքին ու մօտ գտնուող երկրորդ խումբի մը` զինուորներն ու աւազակը։ Բոլորը կը ծիծաղէին ու կը ծաղրէին Յիսուսը անոր ըսելով ''եթէ դուն հրեաներու թագաւորն ես ազատէ ինքզինքդ''։ Այս եւս փորձութիւն մըն է` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''ազատէ ինքզինքդ'' ոչ թէ միւսները, եւ այս յարձակողական խօսքին դիմաց Յիսուս կը շարունակէ սիրել ու ներել` ապրելով իր Հօր կամքը լիուլի, այն վստահութեամբ թէ այդ սէրը բարիք պիտի գործէ ու պիտի ըլլայ պտղաբեր։

Մենք եւս կանչուած ենք պայքարելու եսասիրութեան փորձութեան դէմ ու մեր հայեացքը ուղղելու Խաչեցեալին,  միշտ աւելիով անոր հաւատարիմ դառնալով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ ողորմութեան յոբելեանը մեզի հրաւէր ուղղեց վերագտնելու կեդրոնը ու վերադառնալու էականին։

''Ողորմութիւնը մեզ կը խրախուսէ վերադառնալու Աւետարանի կեդրոնին ու վերագտնելու Եկեղեցւոյ երիտասարդ ու գեղեցիկ դիմագիծը։ Եկեղեցի մը որ գիտէ ընկալել, ազատ է ու հաւատարիմ, աղքատ իր միջոցներով ու հարուստ սիրով'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզի վերջին մասը յատկացուց բարի աւազակին որ Յիսուսին հետ խաչուած էր։

''Յիսուս յիշէ զիս երբ գաս քու արքայութեամբդ'' այս պարզ մարդը չի փակուեցաւ ինքնիր  մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, չի փակուեցաւ իր սխալներուն ու մեղքերուն մէջ ու նայելով Յիսուսին հաւատաց Անոր ու խնդրեց որ յիշուի ու ապա փորձարկեց Աստուծոյ ողորմածութիւնը ''Այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ''։

Աստուած մեղքին յիշողութիւնը չունի, ան կը յիշէ միայն մեզ, մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր սիրելի զաւակները ու կը հաւատայ թէ կարելի է միշտ վերականգնիլ ու վերսկսիլ։ Մենք եւս հայցենք այս յիշողութեան բաց ու կենդանի շնորհքը։ Խնդրենք շնորհքը որ երբեք չփակենք հաշտութեան ու ներումի դռները, այլ գիտնանք ընթանալ չարէն անդին ու բանանք յոյսի ուղիներ։ Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ Սուրբ Դուռը կը փակուի, մեզի համար միշտ բաց կը մնայ  ողորմութեան իսկական դուռը` որ է Քրիստոսի Սիրտը, որմէ կը բխին անսպառ ողորմածութիւն, մխիթարութիւն եւ յոյս։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, փորձարկելու համար անոր բարութիւնը, ու հրաւիրեց շարունակել ողորմութեան ուղին, դառնալ մենք եւս ողորմութեան գործիքներ, բարեխօսութեամբ Աստուածամօր, որ ականատես եղաւ բարի աւազակի ողորմութեան ընկալման։

''Ան ողորմութեան մայրն է. որուն կը յանձնուինք. ամէն մէկ իրավիճակ, ամէն մէկ աղօթք, ուղղուած անոր ողորմած աչքերուն անպատասխան չի մնար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.