2016-11-19 09:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Անսալ ամուսնութեան ճշմարտութիւնը որոնող մարդոց ճիչին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 18 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ  հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եկեղեցական դատարանի կողմէ կազմակերպուած ամուսնութեան նոր կանոնագրութեան հայող  դասընթացքին հետեւող եպիսկոպոսներուն հետ։

Այս առթիւ անոնց արտասանած պատգամին մէջ  Սրբազան Հօր յորդորը եղաւ չի մոռնալ ողորմածութեան հորիզոնը եւ  ամուսնութեան յուսախաբութեան մէջ ապրող մարդոց  երբեք չի նկատել  Քրիստոսի մարմնի  օտարներ։

Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներուն յիշել տուաւ թէ իւրաքանչիւր հովուական խնամակալութեան գործունէութեան նպատակը` կը մնայ հովուել հօտը կամաւոր եւ վեհանձն հոգիով եւ  ոչ որպէս անձերու սեփականատէրեր։

Նորին Սրբութիւնը  նշած է նաեւ , որ եկեղեցական դատարանները չեն կրնար նկատի չ՝առնել եկեղեցւոյ բարձրագոյն օրէնքը, ամենէն մեծ բարիքը ՝ հոգիներուն փրկութիւնը։ ՝՝Եկեղեցին, բոլորին սիրող եւ հիւրընակող մայրն է՝՝։

Եկեղեցին մարմին կ՝առնէ ժողովուրդին ցաւալի պատմութիւններու մէջ, ան ծունկի կու գայ աղքատներու, հեռու գտնուողնեըուն եւ բոլոր անոնց  առջեւ, որոնք մերժուած  նկատուած են եկեղեցւոյ հասարակաութենէն – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ՝ պատգամի աւարտին  խրախուսած է  եպիսկոպսները, անսալ, ունկնդրել   ամուսնութեան ճշմարտութիւնը որոնող` մարդոց Ճիչին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.