2016-11-19 10:00:00

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը իրականացնելու դիմումը գործընթացի մէջ։


Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները սկսելու համար Սթամպուլի նահանգապետարանին ուղարկուելիք նամակը արդէն պատրաստ է, սակայն դեռ չէ ուղարկուած: Այս մասին յայտնած է հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան` աւելցնելով, որ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հետ զայն պիտի ստորագրեն եւ միասին պիտի դիմեն նահանգապետարան:

«Նահանգապետարանը հանդիպման օր նշանակելէ ետք՝ Արամ սրբազանին հետ մեր դիմումը պիտի ներկայացնենք: Եթէ Արամ սրբազանը թոյլ տայ, դիմումի ներկայացման կրնան աշխարհիկ ներկայցուցիչներ ներկայ գտնուիլ: Այդպիսով, ընտրական գործընթացը պաշտօնապէս սկսած պիտի ըլլայ»,- կը մէջբերէ Ermenihaber.am-ը` «Ակօս» շաբաթաթերթին յղումով:

Սահակ եպիսկոպոսը ընդգծած է, որ նահանգապետարանին ուղղուած նամակին մէջ ոչ թէ ընտրութիւն իրականացնելու խնդրանք կը ներկայացուի, այլ կը տեղեկացուի ընտրական գործընթացը սկսելուն մասին:

«Նահանգապետարանէն, միայն ժողովրդական ընտրութեան համար ընթացակարգերը գործարկելու թոյլտւութիւն կ՛ուզենք»,- նշած է եպիսկոպոսը:

Անոր տեղեկութիւններով` կը նախատեսուի, որ յանձնաժողովին գրած նամակը Արամ Աթէշեանի հետ կը ստորագրեն Նոյեմբեր 18-ին:

Հոգեւոր խորհուրդի նախագահը անդրադարձած է պատրիարքական տեղապահ ընտրելու հարցին եւ ատոր շուրջ յառաջացած քննարկումներուն: Ան նշած է, որ 1863 թուականին հայերու ընդունած սահմանադրութեան համաձայն՝ կատարուած են տեղապահի ընտրութիւններ, սակայն եղած են դէպքեր, երբ այդ մեթոտը չէ կիրառուած: Այդպիսի պարագաներու պատրիարքի ընտրութիւնները միասնաբար պիտի իրականացնեն պատրիարքի փոխանորդը եւ հոգեւոր խորհուրդի նախագահը:

«Պատրիարքական տեղապահի հարցը օրակարգ չենք բերեր, նաւը աւելորդ ցնցումներու չենթարկելու համար: Ընտրական գործընթացին մէջ խոչընդոտներ ի յայտ գալու պարագային կրնանք դիմել այդ բանաձեւին, սակայն այս պահուն գործընթացին մէջ խնդիրներ չկան»:

Հոկտեմբեր 27-ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդը որոշեց պաշտօնաթող ընել ներկայ պատրիարք Մեսրոպ Բ Մութաֆեանը: Պատրիարք Մութաֆեանը 2008 թուականէն ի վեր անբուժելի հիւանդութեան պատճառով կը գտնուի հիւանդանոց: Հոգեւոր խորհուրդին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ քանի որ այսուհետեւ պատրիարքի աթոռը թափուր կը մնայ, իբրեւ յաջորդ քայլ իրենք պիտի դիմեն պատկան մարմիններուն՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնելու թոյլտւութիւն ստանալու նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.