2016-11-19 11:38:00

Կարդինալական նշանակում ''Այսօր քեզմէ կը պահանջուի, պահել հրաւէրը՝ ըլլալ ողորմած Հօր նման''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 19 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց կարդինական հաւաքի արարողութիւնը որուն ընթացքին հռչակուեցան 19 Նոր Կարդինալներ։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ողորմածութեան եւ սիրոյ  վրայ։

Առնելով օրուան Ղուկասի Աւետարանի պատմած դրուագը (Ղուկ Զ. 27-36), ուր Յիսուս Իրեն հետեւողներուն կու տայ “դաշտի քարոզը”, Սրբազան Պապը կենդրոնացաւ Յիսուսի եւ առաքեալներուն դէպի տափաստան, դէպի դաշտ, դէպի ժողովուրդի բազմութիւնը կատարած երթի խորհուրդին վրայ։

Յիսուս, առաքեալները կ՛առաջնորդէ դէպի “տառապեալ” (Ղուկ Զ. 18) ժողովուրդը։ Այս ձեւով Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ, թէ հասնելու համար կատարին՝ պէտք է իջնել դաշտ, իջնել ժողովուրդի մօտ։ Իսկ կատարը կը յայտնուի Յիսուսի խօսքին մէջ՝ “Գթած եղէք, ինչպէս գթած է ձեր երկնաւոր Հայրը” (Ղուկ Զ. 36)։

Յիսուսի այս կոչին կ’ընկերանան չորս հրամայականներ, չորս յորդորներ, որ Տէրը կու տայ Իրեն հետեւողներուն, ձեւաւորելու համար անոնց կոչումը։ Ողորմածութեան խորհուրդին այս չորս յորդորներն են՝ “սրիեցէ´ք, բարիք ըրէ´ք, օրհնեցէ´ք եւ աղօթեցէ´ք”։

Ուշադրութեամբ պէտք է նկատենք՝ թէ Յիսուսի յորդորած այս արարքները որու´ն ուղղուած են – սիրեցէք ձեր թշնամիները, բարիք ըրէք անոնց, որոնք ձեզ կ’ատեն, օրհնեցէք զանոնք, որոնք ձեզ կ’անիծեն, աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը զրպարտեն (հմմտ. 27-28 համարներ)։ Մարդը ընդհանրապէս կը միտի հակառակին։ Մեր կեցուածքը՝ թշնամիին, մեզ ատողին, մեզ անիծողին եւ մեզ զրպարտողին հանդէպ բնականաբար տարբեր է Յիսուսի պահանջածէն։

Այս կեցուածքը, Յիսուսի պատգամին ամենէն իւրայատուկ նկարագրական կէտերէն մին է. այստեղ թաքնուած են այդ պատգամին ոյժն ու Խորհուրդը. այդտեղէն կը բխի մեր ուրախութեան աղբիւրը. այնտեղէն կը սերին մեր առաքելութեան զօրութիւնը եւ բարի լուրի աւետարանումը։ Այս խորհուրդը հիմնուած է Աստուծոյ անսահման սիրոյն մէջ։

Սրբազան Հայրը, իր խօսքերուն մէջ մանրամասն կերպով խօսեցաւ Աստուծոյ սիրոյն մասին։ Թուեց ներկայ ժամանակի համաշխարհային մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ հարցերը, եւ խոտոր կեցուածքներ՝ որոնցմէ ոչ իսկ եկեղեցական հաստատութիւններ եւ անհատներ զերծ չեն։

Յիսուս չի դադրիր “լեռնէն իջնելէ”, Ան տեւապէս կ’ուզէ մեզ մասնակից դարձնել մեր պատմութեան խաչի ճանապարհին, որպէսզի պատգամենք ողորմածութեան աւետարանը։ Յիսուս կրկին ու կրկին կը կոչէ մեզ եւ կ’առաքէ՝ դէպի մեր ժողովուրդներու “դաշտերը”. միշտ կը հրաւիրէ մեզ մեր կեանքի բովանդակութիւնը դարձնել՝ ժողովուրդին յոյսին ամրապնդումը։ Իբր Եկեղեցի, մեր աչքերը միշտ բաց պէտք է պահենք, որպէսզի նկատենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն վէրքերը։

Ապա խօսքը ուղղելով նոր Կարդինալներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ “Սիրելի եղբայրակից եւ նոր Կարդինալ, երկնքի ճանապարհը կը սկսի դաշտի վրայ, կոտորակուած եւ բաժնեկցուած առօրեայ կեանքի մէջ, նուիրեալ կեանքի մէջ. առօրեայ եւ լուռ աղօթքի մէջ։ Մեր նպատակը եւ մեր ձգտումն է՝ փորձել, կեանքի դաշտին վրայ, Աստուծոյ ժողովուրդին հետ միասին, վերածուիլ մարդոց, որոնք ատակ են ներելու եւ հաշտութեան։

Սիրելի եղբայր, այսօր քեզմէ կը պահանջուի, քու եւ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ պահել այս հրաւէրը՝ ըլլալ ողորմած Հօր նման։”








All the contents on this site are copyrighted ©.