2016-11-19 09:04:00

21 նոյեմբերին լոյս կը տեսնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելեանին հայող առաքելական նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 21 նոյեմբեր 2016-ին, Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ սուրբ տարուայ փակումին երկրորդ օրը, առաւօտեան 11.30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն հայող` ''Ողորմութիւն եւ թշուառութիւն'' բնաբանով առաքելական նամակը։

Վերոնշեալ փաստաթուղթի ներկայացումը կը կատարէ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա` Նոր Աւետարանութեան զարգացումին Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, որուն յանձնուած էր նաեւ Ողորմութեան Յոբելենական սուրբ տարւոյն կազմակերպութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.