2016-11-17 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը՝՝Աստուծոյ խելագար սէրը կ՛ողբայ մեր անհաւատարմութեան համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդին  հանդէպ խելագար սէրը եւ մեր  անհաւատարմութիւնը ՝՝,   հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին`  Հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած  Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած  քարոզին սիրտը։

Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի  Յիսուսի երուսաղեմի վրայ ողբի մասին ,  Սրբազան Հայրը  յայտնեց  այդ  ողբի  պատճառները։ ''Յիսուս ողբաց որովհետեւ յիշեց իր ժողովուրդին պատմութիւնը.։  Մէկ կողմէն, Աստուծոյ անսահման սէրը, միւս կողմէն անձնասէր ժողովուրդին պատասխանը , որ կ՝ապրէր յուսահատութեան  եւ շնութեան մեղքին մէջ'' ըսաւ Սրբազան հայրը ընդգծելով Իսրայէլի ժողովուրդին անհաւատարմութեան պատմութիւնը, որ չի ճանչցաւ Աստուծոյ սէրն ու քնքշութիւնը։ Այդ սիրահար Աստուծոյն սէրը որ  կը փնտռէ մարդուն  երջանկութիւնը։ Սրբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ,  թէ Իսրայէլի ժողովուրդին ողբերգութիւնը ամէնօրեայ ողբերգութիւն է.  իմ եւ բոլորիս  ողբերգութիւնն է – ըսաւ Ան ապա ակնարկեց Աստուծոյ մեզի ուղղուած հրաւէրին, սրբագրելու ու փոխելու համար մեր կենցաղը։ 

'''Երբ Տէրը կ՝ուզէ մեր հետ խօսիլ, մեր դռները կը բախէ – ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց խղճի քննոթիւն կատարել եւ զննել  մեր սրտին իրավիճակը, որովհետեւ  մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իյնալ Իսրայէլի ժողովուրդին, միեւնոյն մեղքին մէջ , այսինքն՝ ''չի ճանչնալ այն պահը ուր Աստուած մեզ կ՛այցելէ''։

՝՝Տէրը, ամէն օր մեզի կ՝այցելէ,  Ան ամէն օր մեր դռները կը բախէ։ Պէտք է այս մէկը ճանչնալ, չիյնալու համար ցաւալի նոյն վիճակին մէջ՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը աւարտեց յարելով թէ Յիսուս չ՛ ողբաց լոկ երուսաղեմի վրայ այլ մեր բոլորիս վրայ''։

Նորին Սրբութիւնը ապա՝ մէջբերեց  Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը,՝՝կը վախնամ Աստուծմէ, կը վախնամ Յիսուսէն, երբ՝ Ան իմ մօտէս կ՝անցնի։ Կը վախնամ որ, զինք չի նշմարեմ'' ու հրաւիրեց հայցել Տիրոջմէ շնորհքը՝ ճանչնալու Աստուծոյ մեզի տուած ու ապագային տալիք այցելութեան ժամանակը, բանալու համար  մեր դուռը Յիսուսին դիմաց, ու այնպէս ընելու,  որ մեր սիրտը աւելի լայն բացուի սիրոյ ու այդ սիրով ծառայէ մեր Տիրոջ Յիսուսին։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.