2016-11-17 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Միջազգային Քարիթասի ներկայացուցիչներուն խորհուրդին գրաւոր պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11,00-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Միջազգային Քարիթասի խորհուրդի աւելի քան 80 անդամները։

Այս առթիւ պատրաստուած գրաւոր պատգամին մէջ   Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկաներուն ու անոնց միջոցաւ  համայն ազգային Քարիթասի ընտանիքին հետ հանդիպելուն համար։  Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց,  թէ եկեղեցին գոյութիւն ունի աւետարանելու համար, Աւետարանումը սակայն կը պահանջէ համակերպիլ իրավիճակներուն, հաշուի առնելով ընտանեկան ու ընկերային  կեանքը,  ինչպէս նաեւ  համաշխարհային կեանքը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարգաւաճումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի խօսքը, ՝՝աւետարանացումի երկու սիւներն են խոստովանութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը ,  նշեց թէ ժամանակակից ընկերութիւնը յաճախ կը գտնուի մեկուսացումի մշակոյթի  տիրապետութեան տակ , եւ թէ կարիքը կայ շրջանցնելու  անտարբերութեան հոգին եւ սորվելու աջակցութեան արուեստը։

Սրբազան Հայրը ապա  ընդգծեց ազգային զանազան քարիթասներուն առաքելութեան հրամայականը, հաստատելով, թէ Քարիթասը ՝՝ընկերային գրասենեակ չէ այլ եկեղեցական կազմակերպութիւն մը,  որ կը բաժնեկցի եկեղեցւոյ առաքելութեան՝՝  այնպէս ինչպէս նշուած է Քարիթասի կանոնագիրքին մէջ։ Անոր պարտականութիւնն է աշխարհի մէջ ցոլացնել սէրն ու արդարութիւնը Աւետարանի ու Եկեղեցւոյ ուսուցումի լոյսին տակ, ներառելով աղքատները, որպէսզի անոքն եւս դառնան զարգացումի դերակատարներ։

Հուսկ՝  յանուն համայն եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւնը յայտնեց ՝ Միջազգային քարիթասին՝ վերջիններուն հանդէպ մատուցած ծառայութեան համար։

Քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց սոյն առաքելութիւնը, որ եկեղեցին կը ներկայացնէ որպէս ճանապարհորդութեան ճշմարիտ ընկերը, որ մօտիկ է մարդոց ու կիներու սրտերուն ու յոյսերուն.։

. ''Շարունակեցէք փոխանցել աւետարանի ուրախութեան պատգամը հայմայն աշխարհին մէջ, մասնաւորապէս յետին մնացող անձերուն, ինչպէս նաեւ այն անձերուն , որոնք կարող են աշխարհի իրավիճակկը  փոխել,  որովհետեւ փոփոխութիւնը կարելի է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատանշելով թէ  ՝՝Աղքատութիւնը, անօթութիւնը, հիւանդութիւնները, անձկութիւնները  ճակատագիր չեն եւ չեն կրնար ներկայացնել մնայուն կարգավիճակ'' ու խրախուսելով ապաւինիլ Աւետարանի զօրութեան, որպէսզի ''իսկասպէս նպաստեն յեղաշրջելու իրողութիւնները ու կամ նուազագոյնը զանոնք բարելաւելու''։ Կարող ենք վերահաստատել արժանապատուութիւնը անոնց որոնք կը սպասեն մեր սիրոյ նշանը ու կաորղ ենք միասնաբար կերտել ու պահպանել մեր հսարակաց տունը յարեց Ֆրանչիսկոս պապ հրաւիրելով ունենալ նաեւ   

մարգարէական քաջութիւն` ու մերժել այն ինչ, որ մարդը կը նուաստացնէ, ու զայն շահագործող ու վատթարացնող որեւէ ձեւ։ Շարունակեցէք հիւրնալութեան ու զօրակցութեան փոքրիկ ու մեծ նշանները յայտնաբերել ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը իր  գոհունակութիւնը յայտնելով Միջազգային Քարիթասի գաղթականներուն ի սպաս իրականացած արշաւին համար, յոյս յայտնելով որ սոյն ձեռնարկը բանայ շատերուն սիրտերը՝ գաղթականները հիւրընկալելու, ու անոնք կարենան մեր հասարակութեան մէջ՝  իրենք զիրենք զգան որպէս իրենց տան մէջ։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց ներկաները, ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան, հաշտութեան  արուեստագէտները դառնալու։ Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, ու միեւնոյն ժամանակ սորվիլ աղքատներէն,։ ներշնչուիլ եւ առաջնորդուիլ անոնց աղքատ պարզ կեանքէն, արժանիքներէն ինչպէս նաեւ   աջակցութեան, բաժնեկցութեան հոգիէն։

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը,  խնդրելով ներկաներէն, որ աղօթեն իրեն համար, ու անոնց վրայ հայցելով  Տիրոջ օրհնութիւնները

 








All the contents on this site are copyrighted ©.