2016-11-17 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միջազգային Գործարարներու Միութեան անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 17 նոյեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Միջազգային Քրիստոնէական Գործարարներու Միութեան անդամները, որոնք հռոմ կը գտնուին հանդիպման համար։ Քահանայապետը այս հանդիպումի զուգադիպումը՝ Յոբելինական տարւոյն աւարտին, նկատեց նախախնամական։ Ուշադրութեան յանձնեց, որ գործարարներու ձեռնարկութիւններուն հետ կապուած են նաեւ վտանգներ։ Նմանցուց զանոնք Սուրբ Աւետարանի առակներուն, ուր Յիսուս՝ երկնքի արքայութիւնը կը նմանցնէ դաշտի մէջ ծածկուած գանձի (Մտթ ԺԳ. 44), եւ թանկագին մարգարիտի։

Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ գործարարութեան մէջ երեւան եկող վտանգներն են դրամի անարդար գործածութիւնը, կաշառակերութիւնը եւ եղբայրութեան բացակայութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ մանրամասնեց այս վտանգներու հայող խնդիրները։ Ան յիշեցուց Լեւոն ԺԳ. քահանայապետի շրջաբերականը, որ սկիզբ կը դնէր Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման։ Ապա շարունակաբար Պիոս ԺԱ. եւ Պօղոս Զ. Քահանայապետերու արտայայտութիւնները դրամի պատճառած վտանգի շուրջ։ Ան նշեց, թէ կարիքը կայ դրամական եւ դրամատանային աւելի պատասխանատու կեցուածքի։ Ապա շեշտեց, թէ հասնելու համար ընկերային յառաջդիմութեան, պէտք է վերացուի կաշառակերութիւնը։ Եւ վերջապէս, շեշտեց, թէ մարդ արարածի արժանապատուութեան յարգանքը էական կէտ մըն է։

Գործարարներու ձեռնարկութիւնները միշտ պէտք է ընդգրկեն նաեւ այս իրականութիւնը։ Մարդասիրական տարրը պէտք չէ երբեք պակսի տնտեսութեան մէջ։ Եղբայրական հոգիի մաս կը կազմէ նաեւ գաղթականներու եւ փախստականներու ընկալումը, որովհետեւ գաղթականութեան խնդրի լուծումը կը ներկայացնէ զարգացումի կարեւոր գործօն մը։ Ճառի աւարտին, Սրբազան Պապը յիշեցուց երկու կիրակի առաջ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին ընթերցուած Զակքէոսի պատմութիւնը (Ղուկ ԺԹ. 1-10)։ Զակքէոս ծառ կը բարձրանար տեսնելու համար Յիսուսը։ Ապան ան դարձի կու գայ եւ ներում կ՛ընդունի։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ներկաներու հանդիպումը նմանի այդ ծառ բարձրանալուն, ուր քննարկուին գործարարութեան խնդիրները՝ միշտ Յիսուս ունենալով աչք առաջ, եւ բոլոր գործերու նպատակը ըլլայ հասարակաց բարիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.