2016-11-17 12:19:00

Ողորմութեան Սուրբ տարւոյն փակման արարողութիւն Եգիպտոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Արհիապատիւ Գրիգոր եպ. Գուսան առաջնորդը Աղեքսանդրիոյ –Եգիպտոսի կաթողիկէ հայոց,   Կիրակի 13 նոյեմբերի երեկոյեան,  Գահիրէի Սրբուհի Թերեզայի նուիրուած՝  հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր փակումը կատարեց Ողորմութեան Սուրբ տարւոյն։

Ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Արհիապատիւ գերապայծառը, այս առթիւ, իր  արտասանած հոգելից խօսքին սկիզբը ըսաւ. ''Ողորմութեամբ Տեառն լի եղեւ երկիր, եւ բանիւ Տեառն երկինք հաստատեցան. Եւ Հոգւով բերանոյ նորա ամենայն զօրութիւնք նոցա՝՝ շեշտը դնելով Յոբելենական Ս. Տարուայ կարեւորութեան վրայ, ամէն մէկ քրիստոնեայի կեանքին մէջ։

''Այսօր,  ըսաւ ան, մեր եկեղեցիներու փայտեայ դռները կը փակուին, սակայն ողորմած Տիրոջ  հոգւոյն դուռը միշտ բաց է, մեզ ընդունելու. հակառակ  մեր տկարութիւններուն։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի  լայն բանալ  իր հոգիի դուռը, ընդունելու եւ սիրով ներելու՝ մէկը միւսին, հետեւելով Քրիստոսի` '' Ողորմութիւն կ՝ուզեմ..'' սիրոյ   պատուիրանին։

Ս. Զոհի աւարտին  արհիապատիւ գերապայծառը յատուկ աղօթք բարձրացուց   Տիրամօր, ապա ողորմութեան մօր սրբանկարով՝  օրհնեց ներկաները մինչ երգչախումբը լսելի կ՝ընէր ''Ով աստուածամայր'' տիրամօր նուիրուած յատուկ մեղեդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.