2016-11-17 10:08:00

Հոլիվուտի Ս․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին պիտի վերակառուցուի:


Լոս Անճելըսի մէջ շուրջ չորս տասնամեակ իր ազգապահպան ու քրիստոսանուէր առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին:

Տարիներու հեռաւոր հոլովոյթներէն անցնելով`  եկեղեցին տեսած է բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն յաղթահարելով զանոնք, շարունակած է իր անսակարկ ծառայութիւնները մատուցել մեր ժողովուրդին:

Ժամանակի հրամայականով  եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը` գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ծրագիրներ կը մշակուէր, եկեղեցին հիմնովին վերակառուցելու ուղղութեամբ:

Երկարատեւ կազմակերպչական աշխատանքները հասան իրենց լրումին, որու արդիւնքով վերջնականապէս հաստատուեցան յատակագիծը եւ շինարարութեան հետ կապուած թոյլտւութիւնները: Նորակառոյցը վեր խոյանալով աշխարհահռչակ Հոլիվուտի սրտին մէջ` իւրօրինակ խտացումը պիտի ըլլայ արդի ճարտարապետութեան` օժտուած նոր, հետաքրքրական լուծումներով: Այս մասին «Արմենփրես»-ին յայտնած է Յովհաննէս սարկավարգ  Գումրուեանը։

2016-ի Նոյեմբեր 6-ին ներկայ եկեղեցական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական վերջին արարողութիւնը: Օրուայ պատարագիչ, թեմական առաջնորդ Յովնան սրբազանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ նոր եկեղեցին պիտի դառնայ ոչ միայն հայութեան, այլեւ Հոլիվուտի խորհրդանիշներէն մէկը: Ապա ներկաներուն  յորդորեց, որ շինարարութեան ընթացքին քարին ու շաղախին խառնեն նաեւ իրենց սրտաբուխ ու անկեղծ աղօթքները` թեւ ու թիկունք ըլլալով եկեղեցւոյ բազմավաստակ, երախտաւոր հովիւ, Տ. Մանուկ աւագ քահանայ Մարգարեանին:

Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հիմնադիր, նախկին առաջնորդ, Տ․ Վաչէ արք․ Յովսէփեանը, Տ․ Վազգէն քահանայ Մովսիսեանը, ինչպէս նաեւ գաղութի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մտաւորականեր, խուռներամ հաւատացեալներ:

Յաւարտ պատարագի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը  «Ղազանչեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն, երբ տեղի ունեցաւ մտքերու ջերմ փոխանակութիւն հաւատացեալներուն ու պաշտօնէութեան հետ: Ծխական անդամները հանդէս եկան առաջարկներով, որոնք քննարկուեցան Նոյեմբեր 16-ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի ժողովի ընթացքին: Արդիւնքով որոշուեցաւ, որ շինարարութեան ընթացքին, որ հաւանաբար տեւէ 2 տարի, հովիւը եւ յարակից մարմինները հաւատացեալներուն հետ իրենց կապը պիտի պահեն մշտական այցելութիւններով, եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ, աւանդական հանդիսութիւններով, ինչպէս նաեւ ժամանակակից կապի ու հեռահաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.