2016-11-17 09:46:00

Հայաստանի բնակչութեան 37%-ը փտածութիւնը դասած է երկրի հիմնական երեք խնդիրներու շարքին:


«Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնըլ» (Transparency International) միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Աշխարհի փտածութեան ցուցանիշը» զեկոյցը, որու համաձայն Եւրոպայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա փտածութեան ամենալուրջ խնդիրները ունին Հայաստանը, Ռուսիան, Ուքրանիան, Մոլտովան, Լիթվան, Սերբիան ու Պոսնիա եւ Հերցեկովինան:

Այս պետութիւններու քաղաքացիները ամենավատ գնահատականները տուած են իրենց երկիրներու փտածութեան մակարդակին: Անոնք, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ, կը նշեն խորհրդարանի անդամներուն բարձր աստիճանի կաշառակեր ըլլալը, երկրին մէջ կաշառակերութեան բարձր մակարդակը, իսկ փտածութեան դէմ պայքարին, հակափտածութեան գործողութիւններուն մէջ` թոյլ պայքարը եւ քաղաքացիական բացասական միջավայրը:

«Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնըլ»-ը Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ 42 երկիրի մէջ խօսած է 60 հազար մարդու հետ:

«Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը հաղորդէ, որ տարբեր աղիւսակներով տուեալներ բերուած են: Ըստ ատոնց` Հայաստանի մէջ 37 տոկոսը փտածութիւնը դասած է երկրի հիմնական երեք խնդիրներու շարքին, 42 տոկոսը ամենակաշառակերներու շարքին դասած է խորհրդարանի պատգամաւորները: Հայաստանցիներուն 65 տոկոսը կը գտնէ, որ կառավարութիւնը, իշխանութիւնը վատ կը պայքարին փտածութեան դէմ, 24 տոկոսին կարծիքով` Հայաստանի մէջ տարածուած է կաշառակերութիւնը:

Հայաստանի մէջ ցած տոկոս կը կազմեն կաշառակերութեան մասին յայտնողները` ընդամէնը 10-էն 1-ը: Նոյն ցուցանիշն է Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Յունաստանի, Լիթվայի եւ Լաթվիոյ մէջ:

Ուսումնասիրութեան մէջ նշուած է, որ կաշառակերութիւնը դեռ շատ տարածուած  է յատկապէս ԱՊՀ երկիրներուն մէջ: Հանրային ծառայութիւններէն օգտուողներուն մէկ երրորդը կամ շուրջ 30 տոկոսը անցեալ մէկ տարուայ ընթացքին կաշառք տուած է: ԱՊՀ անդամ երկիրներուն մէջ կը համարեն, որ ամենամեծ կաշառակերները ճանապարհային ոստիկաններն են, պաշտօնական փաստաթուղթեր տուող պաշտօնեաները, դատարանները, կրթութեան եւ առողջապահութեան համակարգերը` դպրոցներ, հիւանդանոցներ, գործազրկութեան կամ այլ կարգի նպաստներ ձեւակերպող պաշտօնեաները:

Իսկ ընդհանուր տուեալներով` Եւրոպայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա 3 քաղաքացիէն 1-ը կը կարծէ` փտածութիւնը իր երկրի ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է, 53 տոկոսին կարծիքով` իշխանութիւնները անբաւարար կը պայքարին փտածութեան դէմ, 23 տոկոսի կարծիքով` այդ պայքարը բաւարար է, 3-էն 1-ը կը գտնէ, որ ամենակաշառակերը կամ ամբողջովին կաշառուածները խորհրդարանի պատգամաւորներն ու կառավարութեան անդամներն են, 22-27 տոկոսը ամենակաշառակերը կը համարեն նաեւ գործարար ղեկավարները, տեղական իշխանութիւնները, նախագահի կամ վարչապետի վարչակազմի աշխատակիցները, հարկային, մաքսային աշխատողները, ոստիկաններուն 5-էն 3-ի կարծիքով` մեծահարուստները չափէն դուրս շատ եւ անհարկի ազդեցութիւն կ՛ունենան իշխանութիւններու որոշումներուն վրայ:

Փտածութեան, կաշառակերութեան մասին չյայտնելու հիմնական պատճառներէն մէկը վրէժխնդրութենէ վախն է` մօտաւորապէս մէկ երրորդը կամ 30 տոկոսը կը վախնան հետեւանքներէն, նշուած է «Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնըլ»-ի զեկոյցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.