2016-11-16 08:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ՈՒՆԵՍՔՈՅԻ մէջ կայացած խաղաղութեան ի սպաս հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 15 նոյեմբեր 2016-ին Փարիզի ՈԻՆԵՍՔՈՅԻ կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ''վերստեղծել խաղաղութիւնը'' վերտառութեամբ հանդիպում մը զոր կազմակերպած էր Ֆոքոլարի շարժումը, համագործակցութեամբ Ունեսքոյի ընդհանուր տնօրէնութեան եւ Սուրբ Աթոռի Ունեսքոյի մօտ մնայուն դէտին, Ֆոքոլարի շարժումի հիմնադիր Քիարա Լուպիխի շնորհուած ''խաղաղութեան դաստիարակութեան ի սպաս'' մրցանակի 20-րդ ամեակին առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օգտուելով առիթէն պատգամ մը ուղղեց Ֆոքոլարի շարժումի ''New Humanity'' ծրագրի տնօրէնին որուն մէջ ողջունելով հաւաքին բոլոր մասնակիցները իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն,­ քաջալերելով զանոնք յարատեւուելու խաղաղութեան դաստիարակութեան ճանապարհով, որ եղած է Ֆոքոլարի շարժումի հիմնադիր Քիարա Լուպիխի կեանքի ու առաքելութեան յանձնառումը, ու շարունակելու որոնել ու զարգացնել ազդու միջոցներ` սատարելու համար միջազգայինն հասարակութեան խիղճերու վերազարթօնքին ու խաղաղութեան վերստեղծման, հիմնուած յարգանքի, ունկնդրութեան ու իւրաքանչիւրի կարիքի ուշադրութեան ինչպէս նաեւ արդարութեան երկխօսութեան ու բաժնեկցութեան վրայ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Տիրոջ յանձնեց հաւաքի գործընթացը, Անորմէ հայցելով որ հաւաքէն բխին խաղաղութեան դաստիարակութեան  ի սպաս պտուղներ ապա բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.