2016-11-16 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այլ 5 Վատիկանեան հրշէջներ ուղարկեց երկրաշարժի զոհերուն օգնութեան հասնելու համար


(Ռատիօ Վատիկան) Առ ի զօրակցութիւն  կեդրոնական Իտալիոյ մէջ երկրաշարժի թիրախ դարձած զոհերուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  անգամ մը եւս Նորչիա քաղաք ուղարկեց Վատիկանեան  5 անդամներէ բաղկացած  այլ խումբ մը հրշէջներ  եւ  Վատիկանի թանգարանի մասնագէտ մը։

Վատիկանի  հրշէջները պիտի համագործակցին իտալացի  հրշէջներուն հետ։ Անոնք քանդուած եկեղեցիներուն մէջ  պիտի փնտռեն  արուեստական արժէքաւոր իրերը։, Պիտի ընկերանան երկրաշարժի զոհերուն­ իրենց կործանուած  բնակարաններուն մէջ պրպտելու  իրենց սեփական  արժէքաւոր իրերը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յիշեալ  պարգեւին առ ի երախտագիտութիւն, Նորչիա- Սփոլեթօ թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտօ իր անհուն  գոհունակութիւնը   յայտնած է Սրբազան Հօր, սոյն յաւելեալ մօտիկութեան ժեսթին համար երկրաշարժի զոհերուն նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.