2016-11-16 10:28:00

Փեքինի համալսարանին մէջ Հայոց լեզուն պիտի դասաւանդուի իբրեւ առանձին մասնագիտութիւն:


Չինաստան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Չինաստանի կրթութեան նախարար Չեն Պաօ Չենի հետ:

Երկու նախարարները մանրամասնօրէն քննարկած են Հայաստանի մէջ կառուցուող չինական դպրոցի գործունէութեան հեռանկարները, կարեւոր նկատած դպրոցին շրջանային նշանակութիւն տալու հարցը, ինչպէս նաեւ վերապատրաստումներու համակարգ ունենալու կարելիութիւնը: Նախարար Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի չինական դպրոցի կառուցման աշխատանքներուն չինական կողմին աջակցութեան համար:

Քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Չինաստանի կրթութեան նախարարը վերահաստատած է Փեքինի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ «Հայոց լեզու» դասանիւթին մնայուն մասնագիտութեան կարգավիճակ տալու վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը: Ան ողջունած է Փեքինի մանկավարժական համալսարանին եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը` միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու եւ կրկնակի վկայական տրամադրելու ուղղութեամբ:

Կողմերը պայմանաւորուած են գարնան կազմակերպել Փեքինի  մանկավարժական համալսարանի եւ Կոնֆուցիուսի հիմնարկներու գլխաւոր գրասենեակի պատուիրակներուն Հայաստան այցելութիւնը, որուն ծիրին մէջ պիտի կնքուին համապատասխան համաձայնագիրներ:

Նոյն օրը նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կոնֆուցիուսի հիմնարկներու գլխաւոր գրասենեակի (Հանբան) տնօրէնի պաշտօնակատար Սիա Ձիենհուիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Լեւոն Մկրտչեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Կոնֆուցիուսի կեդրոնին նկատմամբ չինական կողմին ցուցաբերած աջակցութեան համար` շեշտելով, որ անիկա երկու երկիրներուն միջեւ կրթական եւ մշակութային առումով կարեւոր օղակ է: Այդ պարունակին մէջ նախարարը նշած է, որ Երեւանի մէջ կառուցուող չինական դպրոցի գործունէութեան սկիզբէն ետք մեծ կարեւորութիւն ստացած է կեդրոնի դերակատարութիւնը` Հայաստանի մանկավարժական մարդուժի վերապատրաստութեան առումով:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխատանքային յատուկ ծրագիր մշակելու` Երեւանի մէջ չինական դպրոցի աշխատանքներուն աջակցելու ուղղութեամբ: Քննարկուած է նաեւ Կոնֆուցիուսի հիմնարկներու ցանցին կողմէ Հայաստանին տրամադրուող կրթաթոշակներու մեթոտի արդիականացման հարցը, կարեւոր նկատուած է յստակ ուղղութիւններով դասախօսական կազմ ապահովելու խնդիրը:

Կոնֆուցիուսի հիմնարկներու գլխաւոր գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնակատարը բարձր գնահատած է Կոնֆուցիուսի կեդրոնի Հայաստանի մասնաճիւղի գործունէութիւնը: Անդրադառնալով երկու ժողովուրդներու հնամեայ պատմութեան` ան նշած է, որ անոնք դարերու ընթացքին կրցած են պահպանել ու պաշտպանել իրենց քաղաքակրթութիւնը եւ ինքնութիւնը:

Գիտութեան մարզին մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեանի հանդիպումը Չինաստանի գիտութեան նախարարին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.