2016-11-16 10:00:00

Հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակին նուիրուած նոր գեղաթերթիկ թողարկուած է:


Ամսթերտամի Համալսարանի Յատուկ ժողովածուներու սրահին մէջ Նոյեմբեր 13-­ին մարուեցաւ 1 նամականիշով գեղաթերթիկ` նուիրուած «Կրօն. Հայերէն առաջին Աստուածաշնչի 350-ամեակը` Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ» թեմային:

Այս մասին «Արմենփրես»-­ին տեղեկացուցած են «Հայփոստ» ՓԲԸ-էն­:

Նամականիշին վրայ պատկերուած է հայերէն լեզուով տպագրուած առաջին Աստուածաշունչը, իսկ գեղաթերթիկը կը պատկերէ Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքի աշխարհի ստեղծման տեսարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.